ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃ. ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 14 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, կազմակերպութեամբ Ազգ. Յառաջ վարժարանի մանկապարտէզին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցան Այնճարի հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետը, վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, ծնողներ ու հայրենակիցներ:
Ունկնդրելէ ետք Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգները, վարժարանիս մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան երախտագիտական զգացումներ արտայայտող խօսքերով բացումը կատարեց աւանդութիւն դարձած մայրերու օրուան տօնակատարութեան: Բարի գալուստի խօսքին մէջ ան բոլոր մայրերուն մաղթեց մայիսեան ծաղկաւէտ օրեր ու դալար ճանապարհ. «Խօսքերը բաւարար չեն` արտայայտելու մանուկներուն զգացումները իրենց մայրերուն նկատմամբ: Թոյլ տուէք, որ այսօր բոլորս միասին խոնարհինք ձեր դիմաց եւ ըսենք` ձեր տօնը շնորհաւոր, թանկագի՛ն մայրեր»:
Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան ծիլ, բողբոջ, կոկոն ու ծաղիկ դասարաններու աշակերտները` ներկաներուն մատուցելու օրուան թեմային առնչուած երգեր ու արտասանութիւններ` հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով: Անոնք իրենց անմեղ ու սրտառուչ արտայայտութիւններով հնչեցուցին «Իմ մայրիկս», «Մայրիկ, մայրիկ դուն բարի», «Փոքրիկ մանուկ» եւ այլ արտասանութիւններ. արաբերէնով` «Մամա՛, մամա՛», «Մամա՛, ընթի հայեթի», իսկ անգլերէնով` «Օնլի ուան մատըր», իւրաքանչիւր աշակերտ մատնանշելով իր մայրը: «Մայրի՛կ, այսօր տօնն է քո», ինչպէս նաեւ «Մտիր գիւղաւան…»ը մատուցուած երգերը երաժշտութեան ճամբով խանդավառեցին ներկաները:
Օրուան պատգամախօսն էր «Վանայ ձայն»ի գրական յայտագիրի խմբագիր ու հաղորդավար, «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակից, գրական ու մանկական գիրքերու հեղինակ Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, որ ներկայացուց մայրը` իբրեւ «սիրոյ ու մաքրամաքուր զգացումներու, տիրութեան ու պերճանքի եւ այլ ապրումներու ծնունդ տուած արարածի մը». ան նաեւ անդրադարձաւ մանուկ-մայր ամրապնդուած կապին` երջանկութեան ու երանութեան աննկարագրելի ապրումներով լի:
Սալբի Թաշճեան ըսաւ. «Մեր մայրերը անպայմանօրէն իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են ու առաջնորդող դերը կատարած են ու կը կատարեն. բան մը, որ բնազդային շարժումով ծնունդ առած է, սակայն մարդկային տուեալներու որոշիչ դերակատարութեամբ` արժանիք մը դարձած…»:
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ «մայր» արմատով կազմուած եօթանասունէ աւելի բառարանային բառերուն եւ արուեստի զանազան միջոցներով արտայայտուած սիրոյ արտայայտութեանց` մօր նկատմամբ: Ան նշեց, որ մայրութիւնը դժուարին, սակայն հաճելի առաքելութիւն մըն է, «մեզ զգաստութեան հրաւիրող թաքնուած տենչանք, դէպի յաջողութիւն առաջնորդող ու լաւագոյնին ձգտող մղում»:
Բանախօսը զուգահեռ մը գծելով անցեալին ու այսօրուան հայ մօր դերակատարութեան միջեւ` ընդգծեց բոլոր ժամանակներուն հայութեան ճակատագիրին բռնացած մարտահրաւէրները` կոչ ուղղելով քայլ պահելու առօրեայ զարգացումներուն հետ: «Այնքան ատեն որ թշնամին չէ ճանչցած մեր ճակատագիրին նկատմամբ իր գործած անմարդկային ոճիրը ու տակաւին չէ կատարած իր պարտքը, կը շարունակէ բնաջնջել մեր մշակութային կոթողները, արժեզրկել այն, ինչ որ մերն է, ու կը փորձէ ոչնչացնել հայադրոշմ մեր կնիքը, հայ մօր պարտականութիւնը մեծ կը մնայ նաեւ այս իմաստով: Հայ մայրը անսալով իր խիղճին, նահատակներու արեան կանչին, լայնախոհ ու հաւասարակշռուած իր կոչումին, ի գին ամէն զոհողութեան, ջանք կը թափէ իր զաւակներու դաստիարակութեան ճամբով ամրապնդել Հայ դատի պայքարը», ըսաւ Ս. Թաշճեան:
Իր խօսքի աւարտին բանախօսը շնորհաւորեց հայ մայրը ու անոր տօնը խորհրդանշեց իբրեւ «երջանկութեան պարգեւ, կեանքի իմաստ, երեւակայութեան թռիչք ու ժպիտը վաղուան արշալոյսին…»:
Բանախօսութենէն ետք գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ վարժարանին ԺԲ. դասարանէն Րաֆֆի Թասլաքեանի փողի «Թռչէի մտքով տուն» նուագակցութեամբ, որմէ ետք Զ. դասարանէն Ցոլեր Տումանեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Օրօր»ը: Նախակրթարանի երեք աշակերտներ նազանքով պարեցին հայկական պար մը` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութեան:
Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէր յանձնուեցաւ օրուան բախտաւորին` մուտքին բաշխուած թաղարով ծաղիկներուն մէջ զետեղուած մէկ պատգամին համաձայն: Մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան ապա բեմ հրաւիրեց բանախօսը` յանձնելու համար փունջ մը ծաղիկ:
Հանդիսութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան «Յառաջ» մանկապարտէզ` հետեւելու մանկապարտէզի աշակերտութեան գործունէութեանց տարբեր հանգրուաններուն` գծագրութեանց, ձեռային աշխատանքներուն, որոնք ցուցանակներու թէ սեղաններու վրայ տեղադրուած էին: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան մանկապարտէզէն:
Ցուցահանդէսը բաց մնաց մինչեւ կիրակի կէսօր: