ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐԸ` ՀԱՅԵՐԷնԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՄԵԹՈՏԻ ԵՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Արդիւնաւէտ աշխատանքի եւ մասնագիտական ու բազմակողմանի քննարկումներով յագեցած մթնոլորտի մը մէջ, Լիբանանի հայ կաթողիկէ 4 վարժարաններու մանկապարտէզի 25 ուսուցչուհիներ 14-15 Մայիս շաբաթավերջին մասնակցեցան մանկապարտէզի մէջ հայերէնի դասաւանդման մեթոտի իւրացման եւ մանկավարժական կազմաւորումի սեմինարի մը` ղեկավարութեամբ Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի մանկավարժական պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. փրոֆ. Ջուլիեթա Կիւլամիրեանի:

Սեմինարը հրաւիրուած էր «Սուրբ Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ` գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Սրբոց Հռիփսիմեանց, Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն:

Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի հիւրընկալութեամբ, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ կայացած սեմինարի առաջին օրը փրոֆ.  Ջ. Կիւլամիրեան մանկապարտէզի հայերէնի ուսուցիչներուն հետ աշխատեցաւ հայերէնի գրաճանաչութեան գործընթացի կազմակերպման մեթոտաբանութեան վրայ: Ան ներածութիւն մը կատարեց տառաճանաչութեան ձեռքբերման հանգրուաններուն եւ գրելու կարողութեան ձեւաւորման գործընթացին մասին, ապա անցաւ գործնական աշխատանքներու` տեսութեան իւրաքանչիւր բաղադրամասի գործադրութեան վերաբերեալ օրինակներ ներկայացնելով : Այստեղ իրենց մասնակցութիւնը բերին սեմինարին ներկայ ուսուցչուհիները` ներկայացնելով նախապէս պատրաստած իրենց նիւթերը` համապատասխան դասարաններու մէջ լեզուի ուսուցման վերաբերեալ:

Սեմինարին երկրորդ օրը փրոֆ. Ջ. Կիւլամիրեան աշխատանքը կազմակերպեց հիմնական երկու նիւթերու առանցքին շուրջ. առաջին` մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն պահանջները եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ, երկրորդ` մարդու խառնուածքի դրսեւորումները մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն քով եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններուն մէջ: Ինչպէս առաջին, նոյնպէս երկրորդ օրուան աշխատանքը յատկանշուեցաւ դասախօսին կողմէ արդիւնաւէտօրէն կիրարկուած  փոխգործուն մեթոտներով` մանկավարժական խաղերու եւ ներկաներու մասնակցութեամբ ընթացած փորձարկումներու զուգորդութեամբ:

Աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան նպաստեց այն հանգամանքը, որ փրոֆ. Ջ. Կիւլամիրեան սեմինարի նախորդող օրերուն` մայիսի 3-13 այս ծրագրին մասնակից չորս դպրոցներու մանկապարտէզներուն մէջ կատարեց դասալսումներ, առանձին հանդիպումներ ունեցաւ դպրոցներու տնօրէններուն եւ մանկապարտէզի պատասխանատուներուն հետ, ապա` ուսուցչուհիներուն հետ ունեցաւ դասալսումներէն բխած նախնական գնահատականներու վերաբերեալ աշխատանքային նիստեր` դպրոցական օրուան աւարտին:

Յայտնենք, որ «Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ իրականացուող մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակը կը շարունակուի: Դասալսումներու հանգրուանին աւարտին` յառաջիկայ շաբաթավերջին` 21-22 մայիսին տեղի պիտի ունենայ նախակրթարանի տարրական դասարաններուն մէջ հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ ընդհանուր մանկավարժական կազմաւորումի վերաբերեալ սեմինար մը, մինչ այդ նաեւ դասախօսութիւններ` ծնողներու համար: Նշեալ աշխատանքներուն վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն ստանալու համար կարելի է կապուիլ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ, հեռաձայն` 01 570 559, ե.հասցէ` [email protected]

ՍՈՒՐԲ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԿԵԴՐՈՆԻ
ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Պէյրութ, 16 մայիս, 2011

 

Share this Article
CATEGORIES