ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՀԱՅ ԵՐԳԻ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՓԱՌԱՏՕՆ

Արուեստի կեանքին մէջ երգը առհասարակ իր իւրայատուկ դրոշմը եւ տեղը ունի: Երաժշտութիւնը հոգիները ազնուացնող եւ մարդոց ապրումները բարձրագոյն ու դրական աստիճանի հասցնող կախարդական ուժ մը ունի: Տակաւին, հայ երգը ներշնչման աղբիւր եղած է սերունդներու գոյատեւման առաքելութեան մէջ:

Հայ երգը նոր սերունդին մէջ վառ պահելու միտումով Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը չորեքշաբթի, 20 ապրիլին, կազմակերպեց «Երկու աստղ» խորագրել հայ երգի աննախընթաց փառատօն մը: Այս իւրայատուկ յայտագիրին բացման խօսքը կատարեց վեցերորդ դասարանէն Յովիկ Սանոսեան: Ան ըսաւ, թէ տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէ մեր սիրելի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ: Յ. Սանոսեան մաղթեց, որ գարնան ջերմութիւնն ու ցնծութիւնը խանդավառեն բոլոր սրտերն ու հոգիները, եւ հրաւիրեց վարժարանին երգչախումբը, որ մեկնաբանէ «Տօն է վառ գարնան» երգը: Այնուհետեւ երկու հաղորդավարներ, Սթեֆանի Ունանեան եւ Ռեւ Դարբինեան, վարեցին յայտագիրը մեծ հմտութեամբ: «Աղբիւրների հայրենիք» երգը ներկայացնելէ առաջ, Սթեֆանի Ունանեան մէջբերեց մեծ բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեանի «Երգ հայրենիքի մասին» բանաստեղծութենէն հատուած մը, որուն մէջ բանաստեղծուհին գովերգած է հայրենիքի գեղեցկութիւնը:

Երգչախումբի «Զմբիկ-զմբիկ» եւ «Գարուն-գարուն» երգերու կատարումէն ետք ելոյթ ունեցան փոքրիկ աստղերը:

Առաջին հերթին ելոյթ ունեցան Ալեքս Շառոյեանն ու Նաթալի Մարտիրոսեանը` «Նապաստակ» երգով: Ապա «Աղաւնի» երգով հանդէս եկան Քրիստիան Մարգարեան եւ Մեղրի Քիւլքեճեան: «Մառան մտայ, ման եկայ» երգը մեկնաբանեցին Ալինա Մելքոնեան եւ Էլենա Թաննուս», «Ջան գառնուկ» երգով հանդէս եկան Լոռի Սանոսեանն ու Նանոր Շառոյեանը:

Հուսկ, յայտագիրը պատրաստող հայերէնի ուսուցիչ Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան մրցումի աւարտին անդրադարձաւ այս ձեռնարկին հիմնական նպատակին, որն է` հայ երգը տարածել եւ ոչ մրցակցութիւն: Ան ներկայացուց օրուան անակնկալը` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Երկու աստղ» մրցանքին երկրորդ դիրքը գրաւած Լուսին Տեմիրճեանի եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Նարեկացի» երգչախումբի խմբավար Երուանդ Քէշիշեանի միացեալ մասնակցութիւնը այս յայտագիրին, որոնք զուգերգներով խանդավառեցին ներկաները:

Փառատօնի աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան, որ շնորհաւորելէ ետք բոլոր աշակերտներուն բարձրորակ կատարումները, գնահատեց երգի դասատու Գայեանէ Մարկոսեանը եւ յայտագիրը բծախնդօրէն պատրաստած Մարիա Նաճարեան-Ինճէեանը: Ան յայտնեց, որ այս բեմին վրայ մենք տեսանք հայ երգին յաղթանակը, որ ձեռք կը ձգուի միայն հայ երգը լսելով ու տարածելով: Իր «խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց միշտ սիրելու եւ լսելու հայ երգը:

Նշելի է, որ փառատօնի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ հայերէն մանկական երգերու ձայնասկաւառակ մը, նպատակ ունենալով հայ երաժշտութիւնը վառ պահել նոր սերունդի կեանքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES