ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՏԻԿՆԱՆՑԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ 25 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՀԱՆԳԱՆԱԿԷ Ի ՆՊԱՍՏ ՔՈԼԵՃԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՍԱՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏԻՆ
Երեքշաբթի, 17 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, ներկայութեամբ 150 տիկիններու, քոլեճի նախկին ձեռնարկներու նախագահներու, բարերարներու եւ բարեկամներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Չարեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ նշեց, թէ մայիսին ամէնուրեք հայկականութիւն կը բուրէ: Ազգային խանդավառութեան եւ յաղթանակի տրամադրութիւններով բոլորս քիչ մը աւելի կը հայանանք եւ ազգային անժամանցելի արժէքներու կը կապուինք: Այդ արժէքներէն մէկն ալ հայ դպրոցն է, որ կտոր մը հայրենիք է հայրենիքէն դուրս: Հայ դպրոցի յարկին տակ աշակերտներ «Հայկական է, պատուական է» իմաստութեան կը ծանօթանան, հայկական արժէքներու կը կապուին եւ վաղուան մեր յաղթանակներուն կը պատրաստուին:
Հայ դպրոցը սակայն, շարունակեց ան, գոյատեւելու եւ զարգանալու համար կարիքը ունի բոլորին աջակցութեան: Այս եւ նմանօրինակ ձեռնարկները կը ծառայեն այդ նպատակին` հայ աշակերտը հայ դպրոցին մէջ պահելու ջանքին, հայ կրթական մշակին արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու ճիգին:
Բացման խօսքէն ետք, «Կիլիկիա» պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավար` քոլեճի նախկին շրջանաւարտ Գօգօ Քէլէշեան) ներկայացուց հայկական աւանդական հարսանիք մը, որուն աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան յատկապէս Հայաստանէն բերուած նուռի տեսքով նուռի գինիի յատուկ սրուակներ:
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ նուագ (ջութակ` Առաքել Միքայէլեան) եւ երգ (Լուսին Տեմիրճեան եւ Երուանդ Քէշիշեան):
Ապա, խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ ըսաւ, թէ նուռը հին հայերու մօտ առատութեան նշան էր: Ան առատութիւն, յաջողութիւն եւ երջանկութիւն մաղթեց ներկաներուն, որպէսզի բոլորին ճիգերով կանգուն մնայ հայ դպրոցը եւ հայ դպրոցով` հայ ժողովուրդը: Տնօրէն Վիգէն Աւագեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին` ձեռնարկին հովանաւորութեան համար եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, որ ձեռնարկին ներկայացուած էր իր կնոջ` Գոհար Քոչարեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի տիկիններուն կողմէ: Աւագեան ըսաւ, թէ Հայաստանի դեսպանին նախագահութիւնը նման ձեռնարկի մը բարոյական արժէք է, շատ աւելի խորիմաստ, քան` նիւթական արժէքը, որովհետեւ Հայաստանի դեսպանները մէկական շրջուն հայաստաններ են Հայաստանէն դուրս եւ, իբրեւ այդպիսին, խորհրդանշական մեծ նշանակութիւն ունին ազգային վարժարաններու յարկին տակ մեծցող հայաշունչ մեր սերունդներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն համար:
Իր խօսքին աւարտին տնօրէն Վիգէն Աւագեան երախտագիտական խօսքեր յայտնեց քոլեճին տիկնանցի նախկին ձեռնարկներու նախագահուհիներուն եւ մէկական նուռի յուշանուէրներով պատուեց` Լենա Րագուպեանը, Մանուշակ Շահպազեանը, Սիլվա Գույումճեանը եւ Ոսկի Կերեքմեզեանը: Քոլեճը յուշանուէր մըն ալ պատրաստած էր ձեռնարկի նախագահին համար: Յուշանուէրը առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ փոխանցուեցաւ դեսպանին կնոջ` Գոհար Քոչարեանին:
Այնուհետեւ հայրական իր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան գնահատեց նմանօրինակ ձեռնարկներու կազմակերպման նախաձեռնութիւնը եւ ըսաւ, թէ Ազգային առաջնորդարանի եկամուտներուն 90 առ հարիւրը կը տրամադրուի ազգային վարժարաններուն: «Լաւագոյն եւ մեծագոյն ներդրումն է այս ապագայ հայ սերունդներուն հաշուոյն, նշեց առաջնորդը եւ կոչ ուղղեց միշտ անսալու «Հայկական է, պատուական է» պատգամին:
Շարունակելով իր պատգամը առաջնորդը շեշտեց, հայ դպրոցի կողքին, հայ ընտանիքին դերը սերունդներու հայեցի առողջ կազմաւորման մէջ: Ան շեշտեց հայօրէն ապրելու եւ հայկական արժէքներու տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը մաղթելով, որ մեր ժողովուրդը իր քսակները միշտ լայն կը բանայ հայապահպանման համար կատարուող ազգային մեր ճիգերուն դիմաց:
Առաջնորդին պատգամէն ետք կատարուեցան քոլէճի սաներու ֆոնտին ի նպաստ նուիրատուութիւններու յաջորդական յայտարարութիւններ: Միաժամանակ տեղի ունեցաւ հայկական նուռի պատկերով յուշանուէրներու վաճառք:
Ձեռնարկը փակուեցաւ կէսօրուան ժամը 1:30-ին` 25 հազար տոլարի հասոյթ մը ապահովելով քոլեճի սաներու ֆոնտին: