ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՄԱՎԸՐԻՔՍ 1-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՌԱՋԱՑԱՒ. ՆՈՎԻԹՑՔԻ ՆՇԱՆԱԿԵՑ 48 ԿԷՏ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան շրջանի աւարտական առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Տալաս Մավըրիքս եւ Օքլահոմա Սիթի:

Մավըրիքս 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ իր մրցակիցին վրայ` 121-112 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Յաղթական կազմին յաղթանակը գլխաւոր կերտողը հանդիսացաւ գերմանացի Տըրք Նովիթցքի, որ նշանակեց 48 կէտ, իսկ պարտեալ կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 40 կէտ:

Այսօր տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան շրջանի աւարտական երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին Շիքակօ Պուլզ կը հիւրընկալէ Մայեմի Հիթը: Այժմ Պուլզ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Հիթի վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES