ՖՐԻՆԿԶԻ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԻ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՍԱԿԱՅՆ` ԻԲՐԵՒ ՄԱՐԶԻՉ

Գերմանացի միջազգային նախկին միջնապահ Թորսթըն Ֆրինկզի առաջարկուեցաւ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել անոր ակումբին` Վերտըր Պրեմընի կողմէ, սակայն ոչ թէ իբրեւ մարզիկ, այլ` իբրեւ մարզիչ:

Ակումբի տնօրէն Քլաուս Ալոֆս, իր կատարած պաշտօնական յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «34 տարեկան Ֆրինկզի առաջարկուեցաւ նոր պաշտօն մը ստանձնել ակումբին մէջ, որ պիտի ըլլայ մարզիչի պաշտօնը, կ՛ակնկալենք, որ ան մինչեւ այս շաբաթավերջ մեզի փոխանցէ իր պատասխանը»:

Ֆութպոլիստի իր ասպարէզը Վերտըր Պրեմընի հետ սկսած, ապա կարճ շրջան մը Պորուսիա Տորթմունտի եւ Պայէրն Միւնիխի մաս կազմած Ֆրինկզ, վերջին վեց տարեշրջաններուն դարձեալ կրեց Պրեմընի շապիկը:

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը 79 անգամ կրած եւ անոր հետ 10 միջազգային կոլ նշանակած Ֆրինկզ իր մասնակցութիւնը բերած է 2002-ի եւ 2006-ի Մոնտիալներուն, ինչպէս նաեւ Եւրօ-2008-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:

Ըստ գերմանական մամուլին, Ֆրինկզի պատասխանը պիտի ըլլայ դրական, մանաւանդ որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մեծաւ մասամբ ելոյթ ունեցած է Վերտըր Պրեմընի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES