Աշխարհի Ամէնէն Փոքրիկ Երկիրը` Վատիկանը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Վատիկանը կը գտնուի Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի կեդրոնը: Զայն կը կառավարէ պապը, որ կաթողիկէ եկեղեցիին պետն է:
Սկզբնական օրերուն Վատիկանը Հռոմի բլուրներէն մէկն էր: Հին ժամանակներուն հոն կառքի մրցումներ տեղի կ՛ունենային, եւ քրիստոնեաները հոն կը չարչարուէին:
Անոնց կարգին էր սուրբ Պետրոս: Անոր գերեզմանին վրայ է, որ կը շինուի Սուրբ Պետրոսի տաճարը, մօտաւորապէս Ք.Ե. 350 թուականին: Մօտաւորապէս 830 թուականին պարիսպներ կը շրջապատեն` անոր շէնքերը: Շինութիւններու այս խմբակը «Պորկօ» կը կոչուի:
Պապերը հոն կը հաստատուին 1377 թուականին: Վատիկանը անկախ երկիր մը կը դառնայ 1929 թուականին:
* * *
Ո՞վ Կ՛ապրի Վատիկանի Մէջ
Վատիկանի մէջ կ՛ապրին կղերական պատասխանատուներ, ինչպէս` կարտինալները, որոնք ցկեանս նշանակուած են պապին կողմէ: Անոնց տարազը, երկար հագուստ մը, միշտ կարմիր գոյնի կ՛ըլլայ. այս գոյնը կը յիշեցնէ խաչին վրայ Յիսուսին արիւնը: Ան կը ներկայացնէ անոնց համաձայնութիւնը` եկեղեցիին ծառայելու մինչեւ մահ:
Կղերականներուն կողքին, Վատիկանը բնակավայրն է նաեւ զուիցերիացի պահակներուն: Աւելի քան 500 տարիներէ ի վեր այս զինուորներն են, որ ստանձնած են պապը եւ Վատիկանը պաշտպանելու պաշտօնը: Այս պահակներու վաշտը կազմուած է 110 զինուորէ, անիկա աշխարհի ամէնէն փոքր բանակն է: Անոնք գունաւոր տարազ մը կը հագուին 1914 թուականէն ի վեր. այդ տարազին գոյները ներշնչուած են Վերածնունդի իտալական պատերուն վրայի գեղանկարներէն:
Մշակոյթի շրջան մը
ԵՈՒՆԵՍՔՕ Վատիկանի պետութիւն-քաղաքը արձանագրած է մարդկութեան առհաւական ժառանգութեան ցանկին մէջ, անոր տաճարին եւ պալատին համար: Ան կ՛ընդգրկէ Սիքսթինեան մատուռը, որուն առաստաղը զարդարած է նշանաւոր Միքէլանճելոն, պապին յարկաբաժինը Վատիկանի գրադարանը, ինչպէս նաեւ` թանգարաններ:
2012 թուականին աւելի քան 5 միլիոն զբօսաշրջիկ, կաթողիկէ կամ այլ, այցելած է այս վայրը:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Բնակչութիւն – նուազ քան` 900 բնակիչ
Պետութեան ղեկավարը – Պապը
Լեզու – Հոն բնակիչները կը խօսին իտալերէն, անգլերէն, գերմաներէն, սպաներէն. սակայն դիւանագիտական լեզուն (միւս պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու ընթացքին) ֆրանսերէնն է, իսկ ատենական լեզուն (գրուած վաւերագիրեր)` լատիներէնը:
Վատիկանը, ունի իր անձնական դրօշակը, քայլերգը, դրամը (պապին պատկերով տպուած եւրօ), իր նամակատունը եւ թերթը:
Հարցարան.
Հին Հռոմէական Աշխարհը
1.- Ո՞վ կրնար քուէարկել հին Հռոմի մէջ.
ա.- Բոլոր այն անձերը, որոնք քաղաքին մէջ կ՛ապրէին,
բ.- Միայն այր մարդիկ,
գ.- Միայն բարձր դասակարգի ազնուականները:
2.- Ո՞վ իսկապէս օրէնքները կը դնէր հին Հռոմի մէջ:
ա.- Ծերակոյտը (խորհրդարանը),
բ.- Կայսրը,
գ.- Ծերակուտականներուն եւ կայսրին կիները:
3.- Հռոմի ծեր կայսրը մահամերձ է: Ո՞վ պիտի դառնայ յաջորդ կայսրը:
ա.- Հին կայսրին ընտանիքէն այր մարդ մը,
բ.- Այր մարդ մը եւ կին մը` մահամերձ` կայսրին ընտանիքէն,
գ.- Հռոմէայեցի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած անձ մը:
4.- Ի՞նչ կը դնէին հռոմէացի կայսրերը իրենց գլխուն վրայ` իրենց կարգը նշելու համար:
ա.- Թագիր,
բ.- Դափնիի տերեւներ,
գ.- Թութի տերեւներ:
5.- Ք. Ա. 45 թուականին Յուլիոս Կեսար որոշեց, թէ տարին քանի՛ օր պէտք է ունենայ:
6.- Ի՞նչ բաժանում տեղի ունեցաւ Ք. Ե. 395 թուականին:
ա.- Երկու պապեր նշանակուած էին,
բ.- Կայսրութիւնը երկուքի բաժնուած էր` արեւելեան եւ արեւմտեան,
գ.- Քաղաքացիական պատերազմ մը Հռոմը բաժնեց:
7.- Կայսրութեան մէջէն ո՞ր երկիրը հռոմէացիներուն կը հայթայթէր որսի շուներ, բուրդէ վերարկուներ, արծաթ եւ կապար:
ա.- Սպանիա,
բ.- Անգլիա,
գ.- Կոլ (հին Ֆրանսա):
8.- Օրուան մը աշխատանքը որքա՞ն կը տեւէ, եթէ դուն ագարակի մը մէջ աշխատող հռոմէացի մըն էիր:
ա.- Արեւածագէն մինչեւ կէսօրէ ետքի կիսուն,
բ.- Առտուան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00,
գ.- Արեւածագէն մինչեւ արեւմար:
9.- Ի՞նչ նիւթ Հռոմ կը բերուէր հին աշխարհի հսկայական փոխադրակառքերով:
ա.- Եգիպտացորեն` Եգիպտոսէն,
բ.- Գինի` Յունաստանէն,
գ.- Ձէթ` Սպանիայէն:
10.- Ի՞նչ կ՛ընէին հռոմէացիները, երբ իրենց նուաճած հողերուն վրայ նոր քաղաքներ կը շինէին:
ա.- Կը փորձէին ամէն ինչ ձգել այնպէս, ինչպէս որ էր,
բ.- Կ՛ուզէին Հռոմի մէջ գտնուած շինութիւններուն նման կառոյցներ:
գ.- Կ՛ուզէին ուրիշ հռոմէական քաղաքներու մէջ գտնուած շինութիւններէն աւելի լաւ կառոյցներ:
11.- Ի՞նչ նորութիւն բերաւ Հատրիէն կայսրը:
ա.- Երկար մազ,
բ.- դէմքեր փոշի ներկ,
գ.- մօրուք:
12.- Ի՞նչ կը սորվէին հարուստ հռոմէացի մանչերը գրելու եւ կարդալու կողքին:
ա.- Ինչպէս օգնել տան մէջ,
բ.- Ինչպէս կռուիլ եւ ձի վարել,
գ.- Ինչպէս բանաստեղծութիւն գրել:
13.- Ի՞նչ խաղ կը խաղային հռոմէացի մանուկները:
ա.- Գնդիկ,
բ.- Մոնոփոլի,
գ.- Ֆութպոլ:
14.- Ո՞վ էին կարմիրները, կապոյտները, կանաչները եւ ճերմակները հին Հռոմի մէջ:
ա.- Ֆութպոլի խումբեր,
բ.- Կլատիա թորներու խումբեր,
գ.- Մրցումի կառքերու խումբեր:
15.- Ո՞վ կը կատարէր ամէնէն ծանր աշխատանքներուն մեծ մասը Հռոմէական կայսրութեան մէջ:
ա.- Ստրուկները,
բ.- Շինարարները,
գ.- ուսուցիչները:
16.- Ըստ հռոմէացի գրողներուն, ո՞վ «պէտք է ըլլայ անձ մը, որ վարժուած է ագարակի ծանր աշխատանքներուն իր մանկութենէն» եւ «պէտք է ըլլայ առտուն առաջին արթնցող անձը եւ ամէնէն վերջը քնացողը»:
ա.- Ագարակի ստրուկ մը,
բ.- Ագարակի պատասխանատու մը,
գ.- Ագարակապանի մը կինը:
17.- Ո՞վ էր ամէնէն կարեւոր անձը հռոմէական ընտանիքի մը մէջ:
ա.- Մայրը,
բ.- Հայրը,
գ.- Մեծ հայրերը:
18.- Եթէ կին մը ուզէր բարձր աստիճանի պաշտօն մը ստանձնել հին Հռոմի մէջ, ի՞նչ պէտք է դառնայ ան:
ա.- Փաստաբան,
բ.- Խորհրդական,
գ.- Քրմուհի:
19.- Հռոմէացիները իրենց նուաճած երկիրներու ժողովուրդներէն որդեգրեցին բազմաթիւ չաստուածներ: Անոնց ամէնէն կարեւոր չաստուածները եկած են:
ա.- Յունաստանէն,
բ.- Եգիպտոսէն,
գ.- Անգլիայէն:
20.- Ինչպէ՞ս կը տօնէին հռոմէացիները իրենց չաստուածներուն նուիրուած յատուկ օրերը:
ա.- Անոնք փառատօներ կը կազմակերպէին,
բ.- Անոնք տարեդարձի հաւաքոյթ մը կը կազմակերպէին,
գ.- Անոնք թափօրի մը կը մասնակցէին:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց
Պատասխաններ
1.- բ. Միայն Հռոմի քաղաքացի այր մարդիկն է, որ կրնային քուէարկել: 2) բ. Հին Հռոմի մէջ կայսրը ամենահզօր էր: 3) ա. Կայսրերը միշտ այր մարդիկ էին: Անոնք սովորաբար նախկին կայսրին (որդեգրուած) որդիներն էին, բայց երբեմն կրնային նաեւ հեռաւոր ազգականներ ըլլալ: 4.- Կայսրերը չէին ուզեր, որ մարդիկ իրենց մասին մտածեն իբրեւ թագաւոր, հետեւողաբար դափնիի տերեւներով կազմուած պսակ մը կը դնէին իրենց գլխուն վրայ` խորհրդանշելու համար իրենց զինուորական ուժը: 5.- գ. Ք. Ա. 45 թուականին Յուլիոս Կեսար յայտարարեց, որ տարին պէտք է ունենայ 365 օր, ամէն չորս տարին փետրուար ամսուն մէկ աւելորդ օրով մը: 6.- բ. Ք.Ե. 395 թուականին Թէոդոսիոս կայսրը կայսրութիւնը բաժնեց երկուքի` արեւելեան եւ արեւմտեան: 7.- բ. Անգլիան հռոմէական կայսրութեան հայթայթիչն էր որսի շուներու, բուրդէ վերարկուներու, արծաթի եւ կապարի: 8.- գ. Հռոմէական ագարակի մը մէջ աշխատանքը շատ ծանր էր եւ կը տեւէր արեւածագէն մինչեւ արեւմար: 9.- ա. հսկայական նաւեր եգիպտացորենը Եգիպտոսէն կը փոխադրէին ուտելիք հայթայթելու համար Հռոմի բնակչութեան: 10.- բ. Երբ հռոմէացիները նոր քաղաքներ կը շինէին, հոն հաստատուողները կ՛ուզէին Հռոմի մէջ իրենց տեսած շինութիւններուն նման կառոյցներ: 11.- գ. Մօրուքը շատ ժողովրդականութիւն չունէր հռոմէացի այր մարդոց մօտ, մինչեւ որ Հատրպիէն կայսրը այդ նորոյթը մտցուց Ք. Ե. 2-րդ դարուն: 12. բ. Հռոմէացի մանչերը կը սորվէին այնպիսի գիտելիքներ, որոնք կրնային պէտք գալ պատերազմի պարագային, ինչպէս` ձիավարել, կռուիլ եւ զէնքեր գործածել: 13. ա. Հռոմէացի մանուկները կը խաղային ապակիէ կամ կաւէ շինուած գնդիկներով: 14.- գ. Կարմիրները, կապոյտները, կանաչները Հռոմի կառքերու մրցումի գլխաւոր խումբերն էին, որոնք ունէին իրենց թունդ համակիրները, 15.- ա. Հռոմէական կայսրութեան մէջ ստրուկները կը կատարէին բոլոր ծանր աշխատանքները, ինչպէս` շինարարութիւն, ագարակապանութիւն, մրցարանին մէջ կռիւ: 16.- բ. Ագարակապանի պատասխանատուն կամ «Վիլիքուս»ն է, որ պէտք է մանկութենէն վարժուած ըլլայ ագարակի աշխատանքներուն եւ ըլլայ առաջին արթնցող եւ վերջին քնացող անձը: 17.- ա. Հռոմէական ընտանիքին մէջ ամէնէն կարեւոր անձը հայրն էր, կամ` «փաթերֆամիլիաս»-ը: Անոր կը պատկանէին ընտանիքին միւս բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ` տան մէջ աշխատողներն ու ստրուկները: 18.- գ. Եթէ կին մը ուզէր բարձր դիրքի պաշտօն մը ստանձնել հին Հռոմի մէջ, ան պէտք էր քրմուհի դառնար. միւս բոլոր գործերը միայն այր մարդոց համար էին: 19.- ա. Հռոմէացիներուն համար ամէնէն կարեւոր չաստուածները Ողիմպոս լերան վրայէն յոյն չաստուածներն էին: Անոնց տրուած էին հռոմէական անուններ, ինչպէս, օրինակի համար, Զեւս դարձաւ Ժիւփիթեր: 20.- ա. Հռոմէակիները իրենց չաստուածներուն նուիրուած յատուկ օրերը կը տօնէին կազմակերպելով փառատօներ, որոնց ընթացքին տեղի կ՛ունենային թափօրներ եւ հաւաքոյթներ:








