Մկրտիչ Միքայէլեանին Կիթառի Համերգը
Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական մշակութային միութեան, կիրակի, 7 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մկրտիչ Միքայէլեանին դասական կիթառի համերգը:
Վեր. Հրայր Չոլագեան բացման խօսքով բեմ հրաւիրեց Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ հանրութեան հրամցուց հոգեպարար երաժշտական գեղեցիկ երեկոյ մը:
Յայտագիրը կը ներկայացնէր առաջին հերթին Վահան Լուտեր Արթինեանի յօրինումներէն 5 փոքրիկ պատկերներ, որոնցմէ 2-ը յատկապէս գրուած էին այս համերգին առիթով եւ նուիրուած` արուեստագէտին, նաեւ` Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ» երգին վրայ հիմնուած յօրինում մը (նուիրուած` Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին): Այս երաժշտական յօրինումները առաջին անգամ ըլլալով մատուցուեցան երաժշտասէր ժողովուրդին եւ ջերմապէս գնահատուեցան թէ՛ Արթինեանին գողտրիկ ներշնչումները եւ թէ՛ Միքայէլեանին գունագեղ մեկնաբանութիւնը: Ապա Միքայէլեան նուագեց Ճիւլիանիի եւ Հենտըլի գործերէն, որոնց յաջորդեցին 3 կտորներ` Սայաթ Նովայի «Աշուղին երգը», Արմէն Տիգրանեանի «Ամպի տակից»-ը եւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը. այս 3 կտորներուն մշակումը եւ կիթառի յարմարեցումը կատարած է Մկրտիչ Միքայէլեան` մեծ վարպետութեամբ: Ներկաները բարձր գնահատեցին կիթառահարին ստեղծագործական արուեստը, մանաւանդ` Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ին մենակատարին եւ երգչախմբային փոխասացութեան պատշաճեցումը կիթառի համար:
Միքայէլեան յայտագրին վերջին մասով նուագեց լատին ամերիկեան եւ սպանացի երգահաններու` Փիազոլայի, Փոնսի,
Թորրոպայի եւ Տֆայեայի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը` ցուցաբերելով գերազանց եւ բարձր կատարողականութիւն:
Համերգի աւարտին ան ներկաներուն երկար եւ խանդավառ ծափողջոյններուն ընդառաջեց` նուագելով ֆորթէայի «Կրանատինաս»-ը:
Վեր. Հրայր Չոլագեան իր փակման խօսքով գնահատեց արուեստագէտը:
Կը շնորհաւորենք արուեստագէտ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը իր այս բացառիկ ելոյթին առիթով, որուն ընթացքին ան յայտնաբերեց նորահաս սերունդի նորափթիթ տաղանդներէն` Վահան Լուտեր Արթինեանին գործերը, յիշատակեց Սայաթ Նովայի 300 ամեակը, ինչպէս նաեւ ներկայացուց իր մշակումները եւ մեկնաբանեց միջազգային համբաւ ունեցող երգահաններու գործերը:
Մեր խորին շնորհաւորութիւնները Հայ աւետարանական մշակութային միութեան, որ հերթականօրէն կը կազմակերպէ որակաւոր ձեռնարկներ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

