ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Եռակողմ Խանդավառութեան Հրաշալի Տօնը` «Արուեստի Ծիլեր»
ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին համար արդէն աւանդութեան վերածուած «Արուեստի ծիլեր» մշակութային ձեռնարկը այս տարի նուիրուած էր ՀԲԸՄիութեան ստեղծման 107-րդ տարեդարձին:
Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան երախտագիտութեան ու շնորհակալիքի մշակութային իւրատեսակ դրսեւորումը ըլլալէ զատ, այս ձեռնարկը միութեան աւելի քան մէկդարեայ ազգանուէր, հայրենանուէր ու հետեւողական աշխատանքի արդիւնքն էր, անոր ազգանպաստ գործունէութեան արգասիքը, որ այնքան գեղեցիկ անկեղծ կերպով ու նախանձելի մաքուր հայերէնով ներկայացուցին վարժարանին աշակերտները` մանկապարտէզի փոքրիկներէն մինչեւ բարձր դասարաններու աղջիկներն ու տղաքը:
Կիրակի, ապրիլ 14-ին, Կարմիրեան վարժարանի սրահին մէջ տօնական ձեռնարկին համահունչ ու ներդաշնակ էր ամէն բան` թէ՛ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանին սեղմ ու բովանդակալից խօսքը, թէ՛ ուսուցիչներուն կողմէ խնամքով ու որակով կազմուած յայտագիրը, որ փայլուն կերպով իրագործեցին վարժարանին սաները եւ թէ՛ վարժարանի Տիկնանց յանձնախումբի շնորհաշատ կիներուն պատրաստած ու կազմակերպած ճոխ ու համեղ հիւրասիրութիւնը, որ մշակութային յայտագրին իւրօրինակ ամբողջացումը ըլլար կարծէք:
Ի լրացումն այս բոլորին, պէտք է նշել, որ ձեռնարկը իր շարունակութիւնը ունեցաւ նաեւ երկուշաբթի, ապրիլ 15-ին, այս անգամ միայն աշակերտութեան համար: Մարալ Պալեօզեանին նախաձեռնութեամբ դասախօսութեան, զրոյցի ու ժապաւԷնի ցուցադրութեամբ օգնութեամբ աշակերտութեան համար մատչելի, հետաքրքական եւ ուսուցողական կերպով աշակերտներուն ներկայացուեցան ՀԲԸՄիութեան ազգանպաստ ու մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին համար յոյժ էական գործունէութիւնն ու անցած պատուաբեր ճամբան:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄիութեան եւ Կարմիրեան վարժարանի քայլերգներէն անմիջապէս ետք, մանկապարտէզի փոքրիկներուն հրամցուցած անմահանուն Կոմիտասի «Կաքաւիկ»-ը մէկ անգամէն գերեց, յուզեց ու մէկ մարդու վերածեց լեփ-լեցուն սրահը: Անմիջապէս յետոյ Մարալ Պալեօզեանին խօսքը.
«Ճիշդ այս օրերուն, աւելի քան դար մը առաջ, Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորութեամբ, Գահիրէի մէջ հիմը դրուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցող բարեսիրական մեծագոյն այս կազմակերպութեան: Այս ոչ քաղաքական հաստատութիւնը հայ հասարակական քաղաքացիական մտքի որակական թռիչքն է: ՀԲԸՄ ասպարէզ եկաւ նպաստելու հայութեան բոլոր խաւերուն: Այսօր անոր մասնաճիւղերը կը գործեն 22 երկիրներու տարբեր քաղաքներու մէջ: Կառոյցը ունի աւելի քան 22,000 անդամ, 120 մասնաճիւղ եւ 27 մշակութային կեդրոն», յայտնեց ան:
Մ. Պալեօզեանի դիտել տուաւ, որ ՀԲԸՄ ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած կրթական համակարգի պզտիկ, բայց մեծնալու ձգտող օղակներէն մէկն ալ Կարմիրեան վարժարանն է, ուր մեր սաները պետական ծրագրով նախատեսուած դպրոցական նիւթերու կողքին, հայոց լեզուի, պատմութեան եւ գրականութեան կողքին, կը ծանօթանան նաեւ մեր ազգային արժէքներուն, մեր գիտութեան ու մշակոյթի մեծերուն: Անոր համաձայն, այս սկզբունքէն մեկնած կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որպէսզի աշակերտները աւելի եւ կառչէին իրենց հայկականութեան եւ ազգային արժէքներուն:
«Մենք հաւատացած ենք, որ մեր փոքրիկները իրենց ազգային արժէքներուն ծանօթանալով` աւելի գիտակից ու հասուն պիտի դառնան եւ, ինչո՞ւ չէ, մեր մեծերու ճամբայէն քալելով` նոր խօսք պիտի ձգտին ըսել աշխարհին: Մենք կը հաւատանք նոր սերունդի ծաղկումին, կը հաւատանք ազգային ծինի ժառանգականութեան եւ վստահ ենք, որ քիչ ետք բեմ բարձրացող դպրոցականները մօտիկ ապագային մեր յաջողակ ղեկավարները կրնան դառնալ», եզրափակեց ան:
«Արուեստի ծիլեր» մշակութային յայտագիրը ամբողջութեամբ նուիրուած էր հայ մշակոյթի մեծերուն` Կոմիտաս, Այվազովսքի, Վիքթոր Համբարձումեան, Լէոնիդ Ենգիբարեան, Մինաս Աւետիսեան, Երուանդ Քոչար եւ Արամ Խաչատրեան: Երեխաները ներկայացուցին, երգեցին, արտասանեցին եւ ժողովրդական պարի միջոցով իրարու ագուցեցին մեր հին ու նոր արժէքները: Բեմի պաստառին վրայ ու ձայնարկիչէն իրարու յաջորդեցին Մինասի որդան կարմիրի բոսորն ու Քոչարի Զուարթնոցի արծիւը, Կոմիտասի «Լոռուայ գութաներգ»-ն ու Խաչատրեանի հզօր վալսը, Համբարձումեանի երկնախոյզ աստղադիտարանն ու Այվազովսքիի խռովայոյզ ծովը… Խիստ տպաւորիչ ու նաեւ յուզիչ էր յայտագրին աւարտական հատուածը, երբ վարժարանին ամբողջ աշակերտութիւնը, միաբերան ու անսքող հպարտութեամբ, հանդիսաւոր երդման ոգիով ու շունչով արտասանեց. «Մենք հայ ենք, հպարտ ենք մեր հայութեամբ, մեր ուրոյն գոյնով, բարձունքներու ծարաւ մեր թռիչքով, մեր տարած ու դեռ տանելիք յաղթանակներով»:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց, Կարմիրեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Սոնիա Տէյիրմենճեանը, որ տնօրէնութեան կողմէ շնորհակալիքի խօսքեր ուղղեց ձեռնարկի յաջողութեան իրենց նպաստը բերած իւրաքանչիւր անհատի:
Իսկապէս տօն էր բոլորի՛ն, անխտի՛ր բոլորին համար, թէ՛ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, թէ՛ ծնողներուն եւ հանդիսատեսին եւ թէ՛ անշուշտ աշակերտութեան համար, որոնք, վստահ ենք, երկար պիտի յիշեն այն յուզումնալի պահը, երբ ուս-ուսի կանգնած` հպարտութեամբ կ’արտասանէին` «Մենք հայ ենք…»:
«Արուեստի ծիլեր»-ը անկեղծ երախտիքի, գիտելիքներու ու հմտութիւններու ցուցադրութեան եռակողմ խանդավառութեան տօն մըն էր վարժարանին, աշակերտներուն եւ ծնողներուն համար:
ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

