Գրականութեան Նուիրուած Գիտաժողովի Մը Լուսանցքին Վրայ` Հայաստանեան Եօթնօրեակ 4 Ապրիլ-12 Ապրիլ 2013

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Օդանաւը Փարիզէն թռիչք առաւ կէսօրը անց:

Երեկոյեան կը գտնուէինք լուսազարդ Երեւանի վրայ:

Հովը արգելք էր անմիջապէս էջք կատարելու եւ շրջան ըրինք երկինքին մէջ:

Վերջապէս «Զուարթնոց» էինք: Մուտքի արտօնութեան կարիք չկար, «ֆրանսահպատակ» էինք:

Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ այդ արտօնութեան կարիք չըլլար աշխարհի չորս ծագերէն եկող «հայեր»-ուն համար, «հայ» ըլլալ բաւարար ըլլար որպէս անցագիր:

Մատենադարանի դրացնութեամբ կը գտնուէր պանդոկը:

Խորհրդանիշ: Անցեալը, որ կը մոռցնէր մարմարեայ ապարանքները եւ ադամանդակուռ գոհարեղէնները քաղքենիացածներու եւ կը շնչաւորէր ներկան հարազատ ինքնութեամբ, եթէ պատկերէն աւելին տեսնելու հոգեկան ուժ ունենանք:

Եկած էինք, որովհետեւ «Համազգային»-ը, հրավառութիւններէ տարբեր նպատակով, գիրի ու գիրքի մարդիկ պիտի խմբէր Մատենադարանեան լոյսով հարցերու մասին խօսելու:

Արդի հայ գրական արձակի խնդիրները… Այդպէս էր նիւթը, միւս բոլոր կրկնուող «նիւթեր»-էն տարբեր: Այսինքն հայերէն գիր-գրականութեան ժամանակակից արտայայտութիւնը միասնաբար պիտի տեսնէին մարդիկ: Միամտաբար դեռ հաւատացողներ կան հոգիի եւ ոգիի: Ըսէին` թէ ի՞նչ կար, ի՞նչ պէտք էր ընել:

Երեւանի պետական համալսարանի տպաւորիչ դահլիճ: Գրողներ եւ ուսանողներ: Ազգի շնչերակները: Եկած էին գիր-գրականութիւն լսելու եւ վաղը` տեւելու:

Յիշեցի, որ տարիներ առաջ, Լոս Անճելըսի մէջ, փարթամ ճաշկերոյթի մը ընթացքին կին մը ըսած էր.

– Լոս Անճելըսի «քրեմ»-ը հոս է:

Այդ կնոջ «քրեմ»-ը քսակային էր:

Եւ քանի որ այլեւս քիչեր միտքը կը համարեն «քրեմ», մտածեցի, որ այդ դահլիճին մէջ կը գտնուէր ազգի ներկայի եւ ապագայի «քրեմ»-ը: Եթէ ըսեմ, ո՞վ պիտի լսէ եւ պիտի հաւատայ: Հայ կեանքի տարբեր որակը, տոկալու եւ տեւելու որակը հոն էր, որ համահայկական հոսանքի չի վերածուիր` ե՛ւ հոս, ե՛ւ հոսկէ դուրս:

Կարդացուեցան զեկուցումներ: Անհեթեթ է ըսուածները ամփոփել եւ որպէս տեղեկութիւն հաղորդել: «Համազգային»-ը զանոնք պիտի հրատարակէ առանձին հատորով մը: Յաջորդ ամբողջ օրը իրապէս քննարկումի եղանակով խօսուեցաւ հարցերու եւ հեղինակներու մասին, այս անգամ` Ծաղկաձորի Գրողներու տան մէջ:

Հետաքրքրական էր տեսնել միաժամանակ գրողները եւ զանոնք ներկայացնողները: Առաջինները սփինքսի պէս նստած` լուռ կը լսէին: Այս անգամ անոնք էին իրական «քրեմ»-ը:

Աւարտին յայտնեցի, որ «ԲԱԳԻՆ»-ը նախատեսած է, իր յիսնամեակին առիթով, նման հանդիպում մը, գրեթէ նոյն հարցերով: Շատեր փափաքեցան ներկայ ըլլալ:

«Համազգային»-ի երեւանեան գրասենեակը անթերի կերպով կազմակերպած էր երկու օրերու այս հանդիպումը: Անհրաժեշտ կը համարեմ նշել, որ արտայայտութիւնները եղան անկաշկանդ:

Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ հնարաւոր է, որ տրուած զեկուցումներուն հետ հրատարակուին նաեւ տեսակէտներու փոխանակութիւնները, որոնք այլապէս հետաքրքրական էին:

Երկու օր` գիր-գրականութիւն: Ո՛չ «բիզնես», ո՛չ «տուրիզմ»:

Պանդոկէն փոխադրուեցանք բնակարան մը:

Այցելութիւններ:

«ԲԱԳԻՆ»-ի աշխատակիցներէն Միհրան Մինասեան Հալէպէն փոխադրուած է Երեւան եւ կը շարունակէ արխիւներու մէջ թաղուիլ, այսինքն` պեղել մեր անցեալի անյայտ անկիւնները: Լուռ, բայց` երախտաշատ աշխատանք մը, առանց ծափ ու ծնծղայի: Խօսուեցաւ հետաքրքրական եւ չհրապարակուած արխիւներու մասին: Խոստացաւ երբեմն այդ արխիւները տրամադրել «ԲԱԳԻՆ»-ին:

«ԲԱԳԻՆ»-ի ուրիշ աշխատակից մը, Երեւանէն, գրող, բանասէր, արուեստագէտ մը, Արթուր Անդրանիկեան, Իսահակեանի անուան հանրային գրադարանին մէջ գեղանկարչական ցուցահանդէս ունէր: Տպաւորապաշտ ուշագրաւ կտաւներ կային, գոյներու եւ գիծերու համանուագ մը: Զրուցեցինք: Հետաքրքրական էր իմանալ, որ բանաստեղծութիւն, գրականութիւն կ՛առընչուէին, եւ ինք կ՛անցնէր մէկէն միւսին:

Առաւօտ մը, վաղեմի ընկերոջ մը` Սերոբ Մանուկեանի շիրիմին առջեւ պուտ մը աղօթքի գացինք: Հաւատաւոր մը, որ անմար մնացած երազի մը հպատակելով` իր կեանքի վերջին տարիները միացաւ իր «հայրենիք սիրուհիին», ինչպէս կ՛ըսէր, մինչ ուրիշներ ապահարզան կ՛ընէին:

Հեռացած էինք քաղաքի կեդրոնական թաղերէն: Հոն քաղաքաշինութեան եւ յառաջդիմութեան ալիքը չէր հասած, չեմ գիտեր` ո՞ր տասնամեակին կեանքը կանգ առած էր քալելէ: Կարծէք` պատերազմը նոր աւարտած էր հոս եւ Երեւանի Հիւսիսային պողոտան Հոնոլուլուի չափ հեռու էր:

Երեւանի Հիւսիսային պողոտան տեւաբար եռուզեռի մէջ էր, գիշեր ըլլար թէ ցերեկ: Սրճարանները, օտար անուններով, դատարկ չէին, ուր Լաս Վեկասի յատուկ խճողում եւ աղմուկ կար: Գիշերը լուսազարդուած փողոցներուն հետ հակապատկեր կը կազմէին Հիւսիսային պողոտայի գեղակառոյց շէնքերուն յարկերը, ուր հազուադէպ էին լուսաւոր սենեակները: Գնուած էին եւ բնակիչ չունէին:

Երեւանի մէջ բնակարաններու առուծախի իրարանցում կար: Ոմանք կը ծախէին այլ տեղ բնակելու համար, ուրիշներ կը ծախէին գաղթելու համար: Ո՞ւր երթալու համար, ո՞ր երազներով:

Ֆրանասահայեր, ամերիկահայեր եւ այլ երկինքներու տակ ապրողներ տուներ ունէին` զգացական արձակուրդի կամ թոշակառուի կեանքի համար:

Ծիծեռնակաբերդի շրջափակին մէջ Ցեղասպանութեան թանգարանը տպաւորիչ է, համալիրի կառուցումները կը շարունակուին: Աշխարհի բազմանուն ղեկավարներ հոն իրենց ուխտաւորի ծառերը տնկած են, իսկ երազող հայեր դեռ կը սպասեն, որ իրենք ծառատունկ կատարեն իրենց բռնագրաւուած-ազատագրուած հայրենիքին մէջ` Մուշ եւ Սասուն, Վան, Կարս եւ Բաղէշ…

Ինչպէ՞ս կարելի է Երեւան գալ, եւ չտեսնել, որ հակառակ ամէն կարգի դժուարութիւններու, հաւատաւոր հայեր վառ կը պահեն հայ թատրոնի լոյսերը: Շատեր «Վերնիսաժ» կոչուած շուկան կը թափառին յիշատակի իր մը գնելու համար, իսկ կողքի «Հենրիկ Մալեան»-ի թատերասրահը չեն տեսներ. կարծէք` ան այլամոլորակայիններու աշխարհ է: Գացինք կատարեալի ձգտող խաղ դիտելու եւ Թումանեան լսելու:

Վերջապէս, տարիներու տեղատուութենէ ետք, լոյսի լուսաւոր տաղաւար մը բացուած է Բաղրամեան պողոտայի սկիզբը, Գրողներու տան առջեւ, Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ ԳՐԱՏՈՒՆ մը սկսած է գործել, ուր լուսանկարուելէ տարբեր տենչ ունեցող հայը կը գտնէ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔ, որուն համար «Համազգային»-ը գիր-գրականութեամբ տագնապողներ խմբած էր:

Եթէ ամէն մէկ հայ տարին մէկ գիրք գնէր… Երեւակայեցէ՛ք, թէ ի՛նչ կ՛ըլլար հայ գրական արտադրութիւնը… Երբեմն այս որակի հաշուապահութիւնը պէտք է ընել, ըսել եւ կրկնել…

Եթէ այդ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹը քիչ մը աւելի ընդարձակ ըլլար, կ՛արժէր նիստ մըն ալ հոն գումարել, որպէսզի անցորդներ տեսնէին եւ անոնց հետաքրքրութիւնը արթննար: Թերեւս հայերէն գիրքը այդ ձեւով կը վերադառնար հայոց տուները:

Արգիլուած չէ երազել, նոյնիսկ երբ լսողներ եւ ընթերցողներ կը շարունակեն յարաճուն կերպով բացակայ բաժանորդներու ցանկին վրայ արձանագրուիլ: Ներկաները արձանագրել աւելի դիւրին է:

 

13 Ապրիլ 2013, Նուազի-լը-Կրան

 

 

Share this Article
CATEGORIES