Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում «Սիրելի՛ Հրանդ, Համբուրէ՛ Օրհնեալ Ճակատները Իւրաքանչիւր Նահատակի Ու Հերոսի, Եւ Անոնց Ըսէ՛, Որ Մենք Պիտի Շարունակենք Քալել Իրենց Սրբազան Ճանապարհէն» Հաստատեց Մեսրոպեանական Լորի Եթերեան

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 19 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի աշակերտական ոգեկոչում:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սանտրա Չէօլմեքեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն 98 տարիներ ետք, ապրիլեան հանդիսութիւնները լաւագոյն առիթներն են վերանորոգելու մեր ազգային յիշողութիւնը եւ աշխատանքը շարունակելու ուխտը: Ան աւելցուց, որ 98 տարիներ ետք տակաւին Հայ դատը իր արդար լուծումին չէ արժանացած, եւ մենք պէտք է պահանջենք մեր իրաւունքները` բարձր պահելու հայութեան պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

Ապա խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Սիամանթոյին «Խեղդամահը», որմէ ետք Կասիա Լեւոնեան սրինգով նուագ մը ներկայացուց: Վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը երգեց «Ուխտ եմ արել» եւ «Պիտի գնանք» երգերը: Խումբին գեղարուեստական ղեկավարն է Գարմէն Աճեմեան:

«Հայոց ցեղասպանութիւն` անպատիժ մնացած անմարդկային ոճիր» խորագիրով տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ օրուան բանախօս, Մեսրոպեան վարժարանի անցնող տարեշրջանի շրջանաւարտ Լորի Եթերեան, որ ըսաւ. «Սիրելի՛ Հրանդ Տինք, դուն գտած ես անոնց, որոնց մենք կորսնցուցած ենք 98 տարիներ առաջ: Խնդրե՛մ, յարգանքով ու պատիւով համբուրէ օրհնեալ ճակատները իւրաքանչիւր նահատակի ու հերոսի, եւ անոնց ըսէ՛, որ մենք պիտի շարունակենք քալել իրենց սրբազան ճանապարհէն»:

Ան նշեց, որ այսօրուան աշակերտութենէն ու երիտասարդութենէն պահանջուած է համախմբել հայութեան ուժերն ու կարողականութիւնները, շարունակել ճանաչման աշխատանքները, ճանաչումէն անցնիլ հատուցումի հանգրուան, համախմբել փաստաթուղթերը եւ հայութեան հարցը ներկայացնել միջազգային դատարաններուն մէջ, հետապնդել եկեղեցապատկան կալուածներու հարցերը եւ մեր ձայնը լսելի դարձնել Թուրքիոյ մէջ թաքուն հայերուն: Լորի Եթերեան շեշտեց, որ ապրիլ 24-ը հայութիւնը համախմբող ու առաջնորդող ուղեցոյցը պէտք է ըլլայ, եւ աշխատանքը պէտք չէ սահմանափակուի մէկ օրով, այլ տարածուի ամբողջ տարուան ընթացքին:

 

 

 

 

 

 

 

Օրուան պատգամին յաջորդեց խմբային ասմունք, որմէ ետք Սեւան Ղարիպեան ջութակով նուագեց «Աւէ Մարիա»-ն, մինչ վարժարանի երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, երգեց հայրենասիրական երգերու շարան մը: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ վարժարանի վերակազմուած «Շուշի» պարախումբի իւրայատուկ կատարումով. խումբին պարուսոյցն է Սարին Արթինեան:

Աշակերտական ներկայացումներու աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ մեսրոպեանական աշակերտները վայելուչ եւ պատշաճ կերպով փոխանցեցին իրենց պահանջատիրական պատգամը: Մեսրոպեանի տնօրէնը յայտնեց, որ ծրագրուած եւ կազմակերպուած աշխատանքով պէտք է դիմաւորել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի աշակերտական հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի պատգամով: Ան ըսաւ, որ պէտք է յիշել Ցեղասպանութեան արհաւիրքը, յիշեցնել օտարներուն, թէ թուրքը տակաւին ոճրագործ կը մնայ, այնքան ատեն, որ չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, եւ պահանջել հայութեան հողային եւ մարդկային արդար իրաւունքները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES