ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոգում
Երէկ` ուրբաթ, 19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը: Ժողովուրդը «Արագած» ակումբէն ուղղուեցաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը «Արաբօ» մասնաճիւղին անունով արտասանեց Յարութ Լափաճեան, ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Համբիկ Պիլալեան, որ շեշտը դրաւ պահանջատիրութեան ոգին վառ պահելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որու ընթացքին «Սիփան» պարախումբը ներկայացուց հայկական պար, Սեւակ Պեքերեճեան եւ Արազ Չերչեան ասմունքեցին «Յաղթերգութիւն»-ը: ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» եւ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւններէն խումբ մը պատանիներ հանդէս եկան ազգային-հայրենասիրական երգերով, երգեց նաեւ Սերոբ Յակոբեան:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: