Իւրայատուկ Ցուցադրութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Առիթով. «Էքսոտուս»

Այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի փողոցի աւարտին «Պատկեր» կեդրոնին կից տեղի պիտի ունենայ հագուստներու իւրայատուկ ցուցադրութիւն մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին: Այս իւրայատուկ ցուցադրութիւնը կը հովանաւորեն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, «Պատկեր» կեդրոնը եւ «Սիփան» պարախումբը:

«Էքսոտուս» ընդհանուր խորագիրը կրող ցուցադրութեան կազմակերպողն է ձեւաւորող Ռեն Պատրան: Ցուցադրութիւնը կ՛իյնայ համալսարանական ուսումնասիրական աշխատանքի ծիրին մէջ: Պատրան ազդուած է Հայոց ցեղասպանութեան դրուագներէն եւ որոշած է իր կազմակերպած ցուցադրութեան ընդմէջէն շեշտել այն տառապանքը, զոր հայերը կրեցին տեղահանութեան ընթացքին:

Իւրայատուկ ձեւաւորման եւ գոյներու ներդաշնակման ընդմէջէն Ռեն Պատրան արուեստի միջոցով պիտի ներկայացնէ հայկական տեղահանութեան ամբողջ ընթացքը:

«Էքսոտուս»-ը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի արմատախիլ ըլլալը իր հայրենիքէն եւ անոր բռնած երթը դէպի մահ: Ցուցադրութեան կը մասնակցին 26 բնորդներ, որոնք պիտի մարմնաւորեն կիներ, տղամարդիկ, երիտասարդներ եւ երեխաներ` տարագրութեան անվերջանալի երթին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )