Հաղորդագրութիւն
«Զաւարեան մատենաշար»-ի 4-րդ գիրքը Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք»-ն է:
«Ազգ եւ հայրենիք» աշխատասիրութիւնը առաջին անգամ սկսած է տպուիլ «Հայրենիք»-ի 1923-1924-ի թիւերուն մէջ, ուր լոյս տեսած են ինը գլուխներ եւ հրատարակութիւնը մնացած է անաւարտ: 1965-ին Ս. Վրացեան հրատարակեց «Յետ մահու» անունով հատորը, որ կը բովանդակէ Քաջազնունիի պատմուածքները, յուշերը, յօդուածները եւ նամակները: «Ազգ եւ հայրենիք» աշխատասիրութեան շարունակութիւնը տպուած է «Յետ մահու» հատորին մէջ:
ԶՈՄ-ը իր մատենաշարի թիւ 4-ը նուիրած է Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք» աշխատասիրութեան ամբողջութեան, 365 էջերու սահմաններուն մէջ, ուր զետեղուած է նաեւ Ս. Վրացեանի ծանօթագրութիւնը, գրուած` Քաջազնունիի սոյն աշխատասիրութեան մասին:
Նշենք, թէ մինչեւ այսօր մեր կայքէջին վրայ տեղադրած ենք «Զաւարեան մատենաշար»-ի հետեւեալ երեք թիւերը.
(Ա. շրջան) թիւ 1, «Յեղափոխականի մտքերը», Քրիստափոր Միքայէլեան
(Ա. շրջան) թիւ 2, «Ի՞նչ է ազգութիւնը», Գարեգին Խաժակ
(Ա. շրջան) թիւ 3, «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան», Լեւոն Շանթ
«Ազգ եւ հայրենիք» գիրքին թուայնացուած տարբերակը այսօր տեղադրուած պիտի ըլլայ ԶՈՄ-ի կայքէջին վրայ` «Հրատարակութիւններ /մատենաշար» բաժինին մէջ:
ԶՈՄ-ի կայքէջի հասցէն է .- www.zavarian.org