Նշմար. 2-0 Ուշացումը Կարելի Է Վերածել 3-2 Արդիւնքով Յաղթանակի
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Մարզական աշխարհին մէջ կ՛ըսեն, թէ անակնկալները միշտ ալ կ՛ըլլան անպակաս, որովհետեւ նախ կ՛ըսուի, որ գնդակը կլոր է:
Նախապէս բազմաթիւ առիթներով պատահած է, կամ` ականատես եղած ենք, որ ուշացած խումբը յանկարծ կու գայ պատկերը շրջելու եւ յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելու:
Արդ, ի՞նչ կարելի է ըսել ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին համար, որ այս տարեշրջանին յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան:
Ներկայ դրութեամբ մրցակից կազմը` Ռիատի Պէյրութ, 2-0 արդիւնքով կը յառաջանայ` իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ:
Պասքեթպոլի մրցում մը տեղի կ՛ունենայ չորս քորթըրներով: Արդիւնքները գումարելով կը ճշդուի յաղթականը:
Այսօր եւ յաջորդող երկու մրցումները պէտք է ամբողջութեամբ զատորոշուին նախորդներէն եւ չնմանին նախորդ երկուքին, այն իմաստով, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները վերջին քորթըրին միայն պէտք չէ՛, որ սթափին, մրցումին արդիւնքը հակակշիռի մէջ պահելու համար, որովհետեւ պարզապէս ուշացած կ՛ըլլան:
Ինչո՞ւ մրցումին սկիզբէն, իրաւարարին սուլիչէն անմիջապէս ետք, գերակայութիւնը չպահել մրցակիցին վրայ:
Սերտուած յարձակումներ կազմակերպելով եւ ճշգրիտ կողովներ նշանակելով` կարելի կ՛ըլլայ յաջողութեան հասնիլ եւ կերտել յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրները առաջին մրցումին փաստեցին, որ տէրն են իրենց խումբին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ամբողջութեամբ ողողելով:
Այսօր եւ յաջորդ մրցումներուն ալ անոնք ներկայ են` իրենց կողքին ունենալով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:
Կարգը այժմ հասած է ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթանակ արձանագրել` կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը:
Ով որ ալ ըլլայ մրցակիցը, երբ պայքարի ոգին առկայ է, կարելի կ՛ըլլայ յաջողութեան հասնիլ եւ բնականաբար յաղթանակ կերտել:
Ինչպէս բոլորն ալ քաջատեղեակ են, ՀՄԸՄ-ի համակիրները իւրաքանչիւր մրցում կը սկսին իրենց իւրայատուկ ձեւով:
Այսօր եւս անոնք պատրաստ են երգելու` «Յառաջ Նահատակ… դէպի՛ Յաղթանակ»:

