Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Երրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին, այսօր` շաբաթ, 20 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:

Հակառակ անոր որ մրցումը սկզբունքով պիտի սկսէր երեկոյեան ժամը 18:00-ին, սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ անիկա պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին` նկատի ունենալով, որ անիկա ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի:

Ինչպէս բոլորն ալ գիտեն, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:

Թէեւ ՀՄԸՄ առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրեց, սակայն ցարդ երեք մրցում կայ եւ պատկերը կրնայ ամբողջութեամբ շրջուիլ:

Share this Article
CATEGORIES