Գիրքերու Շնորհահանդէս` Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան
Երէկ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ» իրականացուող ծրագիրներու ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ հրատարակուած հայր Վահան Ծ. վրդ. Օհանեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի հեղինակած «Հայերն Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին» ժողովածուի, «Հայկական պետութեան սահմաններն ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի» եւ Գրիգոր Գուլգուլեանի գործը. «Վրէժ սպաննուած հօր եւ եղբայրներու համար» գիրքերու շնորհահանդէսը:
Նախաձեռնութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հ. Յակոբեան, գիրքերու հեղինակները, պատմաբաններ, ցեղասպանագէտներ, խնդիրի ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ եւ հրաւիրեալներ:
Հ. Յակոբեան ողջունեց շնորհահանդէսի մասնակիցները, ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ հրատարակուած գիրքերը եւ նշեց. «Մի քանի օրից ողջ աշխարհի հայութիւնը նշելու է Մեծ եղեռնի 98-րդ տարելիցը եւ հայկական համայնքներում կազմակերպուելու են Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի խնկարկման արարողութիւններ: Այս գրքերից իւրաքանչիւրը իւրովի վկայութիւն եւ ազդակ է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքների վերացման գործընթացում»:
Հայր Ծ. վրդ. Օհանեան ներկայացուց «Հայերն Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին» գիրքի ստեղծման պատմութիւնը: Անգլերէն հրատարակուած գիրքը կը ներառէ ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» պարբերականին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէ ետք այդ նիւթին վերաբերեալ տեղ գտած հրապարակումներու ժողովածու: Հեղինակի հաւաստիացումով սա իր կատարած հետազօտութիւններուն առաջին հատորն է եւ պիտի շարունակէ աշխատանքները յաջորդ հատորներու հրատարակման ուղղութեամբ, որոնք պիտի ըլլան «Լոս Անճելըս Թայմզ», «Ուաշինկթըն փոսթ», «Պոսթըն կլոպ» եւ այլ հեղինակաւոր պարբերականներու մէջ տպագրուած յօդուածներէն կազմուած ժողովածուներ: Գիրքը հրատարակուած է «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի մեկենասութեամբ:
«Մոտուս Վիվենդի» կեդրոնի տնօրէն Արա Պապեան ներկայացուց «Հայկական պետութեան սահմաններն ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի» գիրքը, ուր կը ներկայացուի Ուիլսընի կազմած փաստաթուղթը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին վերաբերեալ եւ այդ առնչութեամբ անոր պաշտօնական նամակը Դաշնակից տէրութիւններու Գերագոյն խորհուրդի նախագահին:
«Գրիգոր Գուլգուլեանի գործը», որ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայրն ու եղբայրները կորսնցուցած հայ երիտասարդի վրէժխնդրութեան պատմութիւնն է, ներկայացուց գիրքի խմբագիր Յովհաննէս Զատիկեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ հերոսի աւագ ծոռ Պարոյր Գուլգուլեան: