Ֆրանչիսկոս Պապէն Նամակ` Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Ֆրանչիսկոս պապը իր գահակալութեան պաշտօնական արարողութենէն ետք նամակ մը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Յիշեալ նամակին մէջ ան իր «սրտազգաց երախտագիտութիւն»-ը յայտնելէ ետք վեհափառ հայրապետին «ցուցաբերած սրտակցութեան ու սիրոյն, որ արտայայտուեցաւ գահակալութեան առիթով Վատիկանի մէջ պատուիրակութեան ներկայութեամբ», կ՛ըսէ, թէ` «խորապէս զգացուած եմ այս եղբայրական արտայայտութեամբ, որ ինծի համար հոգեկան գոհունակութեան ու քաջալերանքի աղբիւր մըն է»:
Ապա, սրբազան քահանայապետը կ՛ըսէ. «Իբրեւ հաւատակից եղբայր, խոնարհաբար կը խնդրեմ աղօթքի ճամբով Ձեր օժանդակութիւնը, որպէսզի Տէրը զիս առաջնորդէ իմ նոր առաքելութեանս մէջ»: Ֆրանչիսկոս պապը իր նամակը կ՛եզրակացնէ ըսելով. «Միութեան ու գործակցութեան ճամբով մենք պէտք է միասին աշխատինք ի խնդիր աշխարհի խաղաղութեան եւ աղքատներուն, տկարներուն եւ տառապողներուն ծառայութեան»:

