Անդրադառնալով Ալիեւի Յայտարարութեան` «Պաշտօնեաներուն Համար Յաճախ Դժուար Է Ընդունիլ, Որ Իրենք Պէտք Է Բան Մը Սորվին» Կ՛ըսէ Մելիա
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով տեղակալ Թոմաս Մելիա ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Ազրպէյճանի հետ մեր համագործակցութիւնը հիմնուած է երեք սկզբունքներու վրայ` ժողովրդավարութիւն, ուժանիւթ եւ անվտանգութիւն: Բոլոր այս սկզբունքները իրենց նշանակութեամբ հաւասարազօր են, եւ մենք ժողովրդավարութիւնը չենք զոհաբերեր յանուն ուժանիւթի կամ անվտանգութեան»:
Ազրպէյճանական Haggin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մելիա այդ յայտարարութիւնը կատարած է պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի այն հարցումին, թէ «ինչպէ՞ս կը վերաբերիք «Մակնիթսքիի ցուցակ»-ի նման փաստաթուղթի մը Պաքուի առնչութեամբ ընդունելի մասին ազրպէյճանական ընդդիմութեան կոչերուն»:
«Մակնիթսքիի օրէնքը փաստաթուղթ է, որ քանի մը տարի շարունակ քննարկուած է, ապա որդեգրուած: Այդ փաստաթուղթը պատժամիջոցներ կը սահմանէ Ռուսիոյ այն քաղաքացիներուն դէմ, որոնք մեղաւոր են Մակնիթսքիի մահուան համար: Օրէնքը որդեգրուած է վերջերս, եւ մենք չենք գիտեր, թէ ատիկա որքան արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, եւ արդեօք կ՛արժէ՞ զայն կիրարկել այլ երկիրներու դէմ»:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ Պաքու «խորհուրդներու» պէտք չունի, եւ միջազգային ընտանիքին յորդորած էր չմիջամտել երկրին ներքին գործերուն:


