Ամերիկեան Ոստիկանութիւնը Պոսթընի Մէջ Լայնածաւալ Խուզարկութեան Ձեռնարկեց
Ամերիկեան ոստիկանութիւնը Վոթըրթաունի մէջ Պոսթընի մարաթոնին ընթացքին տեղի ունեցած պայթումներուն հարցով կասկածելի մը կը հետապնդէ: Ոստիկանական լայնածաւալ գործողութիւնը ընթացք առաւ, երբ Միշիկըն համալսարանին մէջ ոստիկան մը սպաննուեցաւ:
Այլ կասկածելի մը Վոթըրթաունի մէջ ոստիկանութեան հետ փոխադարձ հրացանաձգութեան մը ընթացքին սպաննուեցաւ, իսկ ուրիշ կասկածելի մը, որ Պոսթընի մարաթոնի նկարներուն մէջ ճերմակ գլխարկով կ՛երեւի, կը շարունակէ Վոթըրթաունի մէջ թաքնուած մնալ: «Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ կասկածելիները չեչեն եղբայրներ են:
Պոսթընի մէջ բոլոր փոխադրամիջոցները դադրեցան գործելէ: Ոստիկանութիւնը քաղաքացիներուն թելադրեց իրենց տուները մնալ: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ երկու անձերը «Էմ.Այ.Թի.» համալսարանին մէջ ոստիկանի մը սպանութեան հարցով կասկածելիներ են: Անոնք ինքնաշարժ մը բռնի ուժով կանգնեցուցած են եւ վարորդին հետ հեռացած, ապա` վարորդը ազատ արձակած: Անոնք ոստիկաններուն վրայ ռումբեր նետած են եւ հրացանաձգութիւն կատարած, նախքան Վոթըրթաունի մէջ անոնց կասեցումը:
Նշենք, որ Պոսթընի մարաթոնին ընթացքին պայթած երկու ականներ 3 զոհ եւ աւելի քան 170 վիրաւոր պատճառած էին:

