Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի մերժեց այն ամբաստանութիւնները, թէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կառավարութեան կազմութեան ջանքերը ուղղակի կը կապեն ընտրական օրէնքին հետ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա դէպի Իրան շատ կարեւոր այցելութիւն մը կատարած է եւ հանդիպումներ ունեցած իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի կոչ ուղղեց համախոհութիւն գոյացնելու այնպիսի կառավարութեան մը շուրջ, որ ներքին լիբանանեան առումով հաշտութիւններ կրնայ իրականացնել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Հըզպալլա հաստատ գիտէ, թէ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը անկարելիութեան դէմ յանդիման կը գտնուին ընտրական համախոհական օրէնք մը մշակելու առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ կ՛ողջունէ վարչապետ Թամմամ Սալամի նկատմամբ ցուցաբերուած լիբանանեան համախոհութիւնը, սակայն կը մերժէ միջամուխ դառնալ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը ցարդ ամէնէն աւելի սահմանադրականն է:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Տորի Շամուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները խոչընդոտելու քայլով Հըզպալլա թակարդ լարած է` երկիրը դէպի անորոշութիւն առաջնորդելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ պարտադրուող պայմանները պիտի խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երբեք չի մտածեր պոյքոթի ենթարկել Լիբանանի կառավարութեան իր մասնակցութիւնը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն խորհուրդներ ստացած է` հարթելու համար կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը խոչընդոտող արգելքները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի աղբիւրները «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ տիրող կացութիւնը դրական է եւ աւելցուցին, որ կառավարութեան կազմութիւնը իր բնականոն ընթացքին մէջ է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտած է, որ ինք կրնայ կազմել քաղաքական անձնաւորութիւններէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ֆրանսա` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ խորհրդակցելու նպատակով:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է զիջումներ կատարեն, այլապէս ո՛չ կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւն կազմել եւ ո՛չ ալ ընտրական օրէնք մշակել:

