Զօր. Քահուաժի Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ընդհանուր Հրամանատարը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց սահմանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը:

Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Քալամունի մօտակայքը բացայայտուած է կերպընկալէ շիշ մը, որուն մէջ գտնուած են երեք ձեռնառումբեր, որոնք պատրաստ չէին պայթելու:

Բանակի սակրաւորները այդ օտար մարմինը փոխադրած են այլ վայրեր եւ դէպքին մասին հետաքննութիւն բացած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES