Նախագահ Սլէյման Մերքելի Զօրակցութիւնը Ստացաւ` Լիբանան Հասած Սուրիացի Գաղթականներուն Նուիրուած Միջազգային Խորհրդաժողովին Առումով

Նախագահ Սլէյման եւ Ապու Ֆաուր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան մէջ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կարգ մը շրջաններուն մէջ տարբեր նախարարութիւններուն գործադրած ծրագիրները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան եւ ընտրական օրէնքին վաւերացման առումով:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերեալ նախարարութեան կողմէ մշակուած օժանդակութեան ծրագիրները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Հատի Հըպէյշը եւ Զիատ Քատիրին, որոնց հետ քննարկեց խորհրդարանական շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար զօր. Ռոժէ Սալեմ, որ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով որդեգրուած միջոցառումները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի խորհրդականէն, որ հաստատեց, որ Մերքել կը զօրակցի Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող միջազգային խորհրդաժողովին կայացման:

Ան նաեւ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանուի եւ կարելի ըլլայ մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմել:

 

Share this Article
CATEGORIES