Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Երկրորդ Օրն Ըլլալով Բողոքի Ցոյց Կատարեցին Թրքական Օդանաւային Ընկերութեան Գրասենեակին Դիմաց
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատները երէկ երկրորդ օրն ըլլալով Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը` թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակին դիմաց:
Երէկուան իրենց նստացոյցին ընթացքին ցուցարարները նաեւ լարեցին վրան մը` արգելք հանդիսանալով, որ գրասենեակին պաշտօնեաները վերադառնան իրենց գրասենեակները եւ ստանձնեն իրենց աշխատանքները:
Լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներուն ներքեւ, ցուցարարները Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը պատասխանատու նկատեցին իրենց հարազատներուն առեւանգումին` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք չէ հաւատք ընծայէ խաբեբայ Թուրքիոյ:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին հետեւող շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները թուրքեր առեւանգեն, ապա այդ առեւանգումին պատասխանատուութիւնը Թուրքիան պէտք է կրէ, որովհետեւ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին լուծման բանալին Թուրքիոյ մօտ կը գտնուի:
Շէյխ Զղէյպ յայտնեց, որ մեծ թիւով լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը զօրակցին առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն վերջ դնելու այդ հարցին:
Առեւանգեալներու ընտանիքներուն անունով խօսք առաւ Ատհամ Զղէյպ, որ շեշտեց, թէ ընտանիքները կը սպառնան փակել Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբան, բացի եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր մօտ կանչէ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը:
Ան ընդգծեց, որ կան որոշ մագլցողական քայլեր, որոնց կրնան դիմել ընտանիքները:
Իր կարգին, հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ օդակայանի ճամբան փակելը արգիլուած է` կոչ ուղղելով առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն օրէնքի սահմաններուն մէջ առնելու իրենց քայլերը:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Ազեզի մէջ գտնուող «Հիւսիսային փոթորիկ» փաղանգի պատասխանատուներէն մէկը յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին կրնայ լուծուիլ:

