«Քարէ Երազներ» Գարշելի Վէպը Բոլոր Ժամանակներուն Պիտի Վնասէ Ազրպէյճանի Ազգային Շահերուն» Կ՛ըսէ Հասանով

Ալի Հասանով

Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերով բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով յայտարարած է, որ ազրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլիի «Քարէ երազներ» վէպը «բոլոր ժամանակներուն մեծ վնաս պիտի հասցնէ ազրպէյճանցի ժողովուրդին, Ազրպէյճանի ազգային եւ պետական շահերուն»:

Մեկնաբանելով «Քարէ երազներ» գիրքին հայերէն թարգմանուելու մասին տեղեկութիւնը` Հասանով ըսած է, որ «ազրպէյճանցի ժողովուրդը բոլոր ժամանակներուն իր մաշկին վրայ պիտի զգայ այդ գարշելի գիրքին հրատարակման հետեւանքները: Այսօր եւ ապագային ալ հայկական պետութիւնը, անոր գաղափարական կառոյցները, հայկական սփիւռքը Աքրամ Այլիսլիի ազրպէյճանական դիրքորոշումը պիտի օգտագործեն մեր դէմ: Մենք պէտք է ատոր պատրաստ ըլլանք»:

Share this Article
CATEGORIES