Ըստ Վրացի Երեսփոխանի Մը Վրաստանի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պիտի Չճանչնայ

«Քաւքազ օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ հակառակ Վրաստանի հայկական հասարակական շարք մը կազմակերպութիւններու վրացական խորհրդարանին ներկայացուցած դիմումին, Վրաստանի խորհրդարանը մտադիր չէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու:

Ըստ խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավարներէն Լեւան Պերձենիշվիլիի, Հայաստան Վրաստանէն այդ հարցին շուրջ ակնկալիք պէտք չէ ունենայ: «Այն ժամանակ, երբ տեղի կ՛ունենային դէպքերը, վրացի ժողովուրդը վարուած է այնպէս, ինչպէս պէտք էր վարուէր արժանապատիւ դրացին: Մենք անոնց ապաստան տուած ենք եւ մեր վերաբերմունքը յայտնած տեղի ունեցածին կապակցութեամբ: Քաղաքական առումով` ատկէ աւելին պահանջելը անարդար է: Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական ճանաչումը անհաւանական է, եւ ատիկա ոչ մէկ պարագայի տեղի պիտի ունենայ», ըսած է երեսփոխանը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )