Յովհաննէսեան Յայտարարեց «Նոր Հայաստան Ազգային Միասնութեան Ճակատ»-ի Ստեղծման Մասին

Երեւանի «Անի փլազա» պանդոկին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հանրային հանդիպումը, որուն ժամանակ խօսք առաւ Յովհաննէսեան:

Ան յայտարարեց «Նոր Հայաստան ազգային միասնութեան ճակատ» հասարակական հզօր շարժում սկսելու մասին` նշելով, որ ատիկա «օրհաս պիտի դառնայ» քրէասակաւապետական իշխանութեան համար: Ըստ անոր, ատիկա պիտի դառնայ «Բարեւի յեղափոխութեան» յետնորդը եւ շարժումը առաջ պիտի երթայ ժողովուրդին ուժով:

Յովհաննէսեան քանի մը անգամ շեշտեց, որ ասիկա վերկուսակցական շարժում է եւ կոչ ուղղեց միւս կուսակցութիւններուն` միանալու եւ մէկ ճակատով պայքարելու:

Շարժումը պիտի պայքարի առանց արեան եւ խաղաղ ճամբով: Մարզերուն մէջ ստեղծուած են շարժման բջիջներ, որոնք տարբեր շրջաններու մէջ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն եւ շարժումը առջեւ մղեն:

Ռուստամեան. «Ընդդիմադիր Քաղաքապետը
Շատ Բան Պիտի Փոխէ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ «Անի փլազա» պանդոկին մէջ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի նախաձեռնած հաւաքին ընթացքին յայտարարեց. «Մենք իսկապէս պէտք է առաջ երթանք` մեր նպատակները յստակ սահմանելով: Ատիկա քրտնաջան աշխատանք է, բայց ոչ մէկ դիւրին ճամբայ կը հասցնէ նպատակին, ճիշդ ճամբան` կործանման ճամբան է»:

«Շարժումը պէտք է կարենայ ժողովուրդը պատրաստել տեւական պայքարի աւանդութեան, մշակոյթին: Իշխանութիւնը երբեք պիտի չծառայէ ժողովուրդին, ժողովուրդը ատիկա պէտք է պարտադրէ: Կարելի չէ հինգ տարի եւս սպասել: Փոփոխութեան համար քանի մը անհրաժեշտ քայլեր կը տեսնեմ: Նախ պէտք է վերցուի պատճառներուն պատճառը, այսինքն` պէտք է փոխուի գործող համակարգը: Հայաստանը ունեցած է 3 նախագահ ու բոլորն ալ օգտուած են գործող համակարգէն, ուրեմն պէտք է հրաժարիլ նախագահական համակարգէն եւ իշխանութիւնը քայլ առ քայլ մօտեցնել ժողովուրդին, պէտք է անցնիլ խորհրդարանական համակարգին, հրաժարիլ մեծամասնական համակարգէն, ստեղծել վերահսկողական օղակները ընդդիմութեան յանձնելու յատուկ մեքանիզմներ: Կը բաւէ թոյլ տալ, որ իրենք իրենց հետեւին, վերահսկեն ու իրար մէջ ամէն ինչ բաժնեն, իսկ միւս ուժերը, ստանան, օրինակ` 49 առ հարիւր ձայն ու երկրին կառավարման ընդհանրապէս չմասնակցին: Միւս ուժը պէտք է առնուազն կարելիութիւն ունենայ իշխանութիւնները զսպելու: Անոր հետ կապուած ունինք յստակ ցանկ մը, որ վերահսկման լծակներն են, որոնք անոր կարելիութիւնը կու տան: Օրինակ` հակափտածութեան յանձնախումբի նախագահին պաշտօնը, եթէ իսկապէս կամք կայ փտածութեան դէմ պայքարելու: Վարչապետը պէտք չէ պայքարի փտածութեան դէմ, այն պարագային, երբ փտածութիւնը իրենք են», նշեց ան:

Ըստ Ռուստամեանի, յառաջիկային Երեւանի մէջ աւագանիի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, եւ հակառակ անոր որ քաղաքական ուժերը ընտրութիւններուն կը մասնակցին առանձին-առանձին, բայց ամէն ինչ չէ կորսուած: «Այս ընտրութիւնները պէտք է վերածել իշխանութիւններուն անվստահութիւն յայտնելու հանրաքուէի: Կարեւոր չէ, թէ ընդդիմութեան ո՛ր ուժը որքան ձայն կը հաւաքէ: Ընդդիմադիր քաղաքապետը, հաւատացէ՛ք, շատ բան կը փոխէ, օրինակ` չեն կրնար մեզի արգիլել երթեր կազմակերպել: Այսօրուան քաղաքապետը ընտրուած չէ, այլ նշանակուած է: Շարժման կարեւորագոյն հանգամանքներէն է կազմակերպուածութիւնը, հունաւորուած ըլլալն ու քաղաքացիներուն` իրենց ընելիքը իմանալը»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )