Սերժ Սարգսեան Եւ Արմէն Ռուստամեան Հանդիպում Ունեցան Իրարու Հետ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, կատարելով Հայաստանի սահմանադրութեան պահանջները, երէկ շարունակեց խորհրդակցութիւնները Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորական խմբակցութիւններուն հետ` Հայաստանի վարչապետին նշանակման նպատակով:
Հայաստանի նախագահը ընդունեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:
Նոյն նպատակով նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանրապետական կուսակցութենէն բացի նման խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւններու խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:
CATEGORIES Հայկական

