Խորհրդակցութիւններ` Հայաստանի Եւ Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

18 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ հերթական խորհրդակցութիւնները` արտաքին գործոց նախարարութիւններու տեղակալներուն մակարդակով:

Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու տեղակալներ Շաւարշ Քոչարեանի եւ Ալեքսանտր Միխնեւիչի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ժամանակ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES