Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Այսօր ուշադիր եղէք երբ ձեր ինքնաշարժով ճամբայ կ՛ելլէք: Ստուգեցէք ձեր կառքին վիճակը, պէտք եղածը ըրէք եւ հանգիստ միտքով ճամբորդեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վիճակահանութեամբ ձեր բախտը փորձեցէք: Կրնաք բախտաւորուիլ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հետապնդեցէք ձեզի վերաբերող աշխատանքային ծրագիր մը, որպէսզի կարենաք օրը անցընել հանգիստ միտքով: Օրը ունի նաեւ այլ հանդիպումներ յատուկ անձերու հետ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր պարտականութիւնները կատարեցէք օրը օրին: Եթէ ձեզի յանձնուած է յաւելեալ աշխատանք, առանց դժկամութեան կատարեցէք բարեկամութիւն մը յարգած ըլլալու համար:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր որոշած ծրագիրը պիտի ընդունուի ուրիշներու կողմէ: Անոնք խստապահանջ անձեր ըլլալով` պիտի համակերպին ձեր աշխատանքին յաջողութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շուկայի գործ մը ունիք: Գնումի համար պիտի շրջիք: Եթէ չկարենաք ձեր ճաշակը գոհացնող բան մը գտնել, ձգեցէք ուրիշ առիթի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ մոռացումով գործ մը յետաձգուած է, մի՛ յուսահատիք, կրնաք վերսկսիլ նոյն աշխատանքին` աւելի եռանդուն եւ բծախնդիր տրամադրութեամբ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ներքին ձայնը, որուն խղճի ձայն ալ կ՛ըսենք, պիտի օգնէ ձեզի` իրագործելու անկարելի նկատուած աշխատանք մը, զոր պիտի աւարտէք ձեր ակնկալածէն աւելի արագ եւ գոհունակութիւն պիտի ունենաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հեռաւոր վայրեր տեսնելու փափաքը ունիք: Եթէ ձեր դրամական հարցը կ՛ուզէք լուծել ճամբորդութիւն մը յաջողցնելու համար, դիմեցէք դրամատուն, որ օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքով կարելի է ուրախանալ, որովհետեւ աշխատանքը ձեզ հեռու կը պահէ ծուլութենէ, դատարկ խօսքերով ժամանակ անցընելէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ պաշտօնական թուղթեր ունիք, վերանայեցէք անոնց, ստուգեցէք անոնց ժամանակավրէպ չըլլալը, ինչ որ շատ կարեւոր է այս օրերուն: Ուշադիր եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ հետաքրքրուիք ուրիշներուն շահածով, ըրածով, նայեցէք, որ ձեր օրը ըլլայ բեղուն ձեր աշխատանքով: Նախանձը յուսալքումի կ՛առաջնորդէ: Միշտ բարին մտածեցէք, որպէսզի բարիք ըլլայ ձեր շուրջը:

Share this Article
CATEGORIES