Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Արեան Խմբաւորման Ցանկագրումի Արշաւ
Երէկ` կիրակի, 21 ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ընթացք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպած արեան խմբաւորման ցանկագրումին արշաւը:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն կեդրոն ժամանած էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան, առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկըրեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան եւ «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը:
Նկատելի էր երիտասարդութեան եւ տարբեր տարիքի պատկանող հայրենակիցներու գիտակից եւ խանդավառ պատրաստակամութիւնը. անոնք խիտ շարքերով կամաւորաբար եկան եւ ցանկագրուեցան այս հաւաքական արշաւին` քաջ գիտակցելով, որ իրենց նուիրուածութեամբ օգտակար պիտի դառնան հիւանդի մը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային իրենք պիտի ըլլան օգտուողները:
Ընդհանուր պատկերը կը ներկայացնէր համայնքային, միութենական եւ հաւաքական ճիգի մը արգասիքը, ինչպէս կը վկայէր Սօսի Սաղըրեան եւ կը հաստատէր, որ ԼՕԽ-ի պատգաւորական ժողովէն բխած եւ Շրջանային վարչութեան ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախաձեռնած արշաւը իր հայեցակէտի յաջող նախաքայլը կը թեւակոխէր:
Իսկ առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկըրեան, խօսելով նախապատրաստական աշխատանքներու մասին, բարձր գնահատեց միասնակամ աշխատելաձեւն ու խորհրդակցութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք բիւրեղացաւ տուեալ ձեռնարկը: Ներկայացնելով քարոզչական աշխատանքները` ան ըսաւ, որ կատարուած հրատարակութիւններն ու «Վանայ ձայն»-ի սփռած բազմատեսակ յայտագիրները մեծապէս նպաստեցին` ժողովուրդին մէջ վառ պահելով մասնակցութեան ոգին:
Ապա Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Մատլեն Խօշեան գնահատեց Այնճարի քաղաքապետութեան զօրակցութիւնն ու հայրենակիցներուն խանդավառութիւնը, մանաւանդ որ անոնք Պէյրութէն թէ Այնճարէն փութացին կեդրոն եւ նպաստեցին այս արշաւին: Ան հաստատեց, որ 200 հայորդիներ մասնակցեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւին, եւ մաղթեց, որ բոլոր հայորդիները նոյն խանդավառութեամբ եւ գիտակցութեամբ նպաստեն այս նախաձեռնութեան:
Ցանկագրումի արշաւը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:

