Հաղորդագրութիւն

Տարիներու աւանդութիւն դարձած` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հանգանակութիւնը ընթացք առնելով կիրակի, 13 ապրիլին, աւարտեցաւ շաբաթ, 20 ապրիլ 2013-ին: Շաբթուան մը ընթացքին 26 մասնաճիւղերու հաւատաւոր ընկերուհիներ ձեռք ձեռքի տալով կատարեցին հանգանակութեան աշխատանքը` ի նպաստ հայ կարիքաւորին, աշակերտին, ծերունիին թէ՛ հիւանդին:

Շաբաթ, 20 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, ուր Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ աշխատանքին ուղիղ սփռումը «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն:

Վարձքը կատա՛ր բոլոր աշխատակիցներուն:

Շնորհակալութիւն մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնք հաւատալով ԼՕԽ-ի գործունէութեան սիրայօժար կերպով զօրավիգ կը կանգնին այս կազմակերպութեան:

ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES