Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ
Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ երէկ` կիրակի, 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 98-րդ յիշատակութեան հսկումը: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչներ եւ պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հոգեւորականներ: Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց ՀԿՀՄ-էն Լիւսի Տէօքմեճեան: Երիտասարդի կամքով խօսեցաւ ան եւ ըսաւ. «98 տարիներ եւ 2 քայլ հեռու ենք այդ դժոխային դէպքերու 100-ամեակէն: Ու մենք անընկճելի կամքով կը քալենք հատուցման պահանջատիրութեան ճամբէն` մերժելով թրքական տարաբնոյթ խաբեբայութիւնները եւ դիւանագիտական նենգ նկրտումները»:
Արաբերէն բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Քուրումլեան, եւ շեշտեց յատկապէս, թէ հայկական հարցը միայն հայերուն չի պատկանիր, այլ անիկա համայն մարդկութեան դատն է:
Ապա մանկապատանեկան «Բլբուլ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանի, հայերէն երգերու շարան մը ներկայացուց եւ վերջաւորութեան քանի մը պարմանուհիներ պարեցին հայկական պար մը: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կը նշուէին 1915-էն սկսեալ Մեծ եղեռնի յիշատակումին հանգրուանները, համընթաց հայկական հարցի պատմական համառօտ ակնարկով` «փոսթ Ճենոսայտ թայմլայն»: Տեսերիզը պատրաստուած էր «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին կողմէ:
Օրուան հայերէն պատգամը տուաւ Միհրան Նաճարեան, որ շեշտեց հայու հաւատարմութիւնը իր արմատներուն, ապա ընդգծեց «հաւատարմութեամբ զօրացած` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը եւ վերջապէս, անտեղիտալի պայքարը ի խնդիր արդարութեան եւ մեր անտեսուած բայց անժամանցելի եւ անսակարկելի իրաւունքներուն վերականգնումին»:
Ան իր խօսքը փակեց ըսելով. «Այնքան ատեն որ կան Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին պէս համաշխարհային առաջնորդներ, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Թուրքիոյ ճանչնալու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ իբրեւ համայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր, հայութիւնը կը հաւատայ, որ անպայման պիտի գայ անկարելի կարծուածը կարելի դարձնող օրը, նման Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան: Այս անկոտրում հաւատքով ալ ան պիտի շարունակէ յանուն արդարութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման իր պայքարը»:
Ապա նոր համադրումով ներկայացուած «Կռունկ»-ի մեղեդիին վրայ պարեցին Լուսին Մազմանեան եւ Փաթիլ Գանտահարեան:
Արաբերէնով օրուան խօսքը արտասանեց արհիապատիւ Ժորժ եպիսկոպոս Պագունի` Սուր քաղաքի յոյն կաթողիկէ առաջնորդը, որ առաքելութիւն մը վարած է 2004-ին դէպի Հայաստան` Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ: Ան խօսակցական արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ որքան սակաւ կը յիշուի լիբանանեան եւ մանաւանդ Լիբանանի եկեղեցական առօրեային մէջ հայոց այս ողբերգական էջը: Ան յիշեց, որ ինչպիսի մեծ յուզումով այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:
«Անմեղներու սպանութիւնը մեծագոյն ոճիրներէն է», ըսաւ ան:
Իբրեւ եկեղեցի, մենք նախ մեծ կարեւորութիւն պարտինք տալ այս նահատակութեան եւ հայոց վկայութեան: Ապա ան նշեց, լիբանանեան ընկերութիւնն ալ պարտի բան մը ընել այս ուղղութեամբ` պաշտպանելու համար Հայ դատը: Ան առաջարկեց կառուցել Ցեղասպանութեան թանգարան մը Լիբանանի մէջ:
Փակման խօսքեր արտասանեցին Էլիզապեթ Խազում (արաբերէնով) եւ Սագօ Հալլաճեան (հայերէնով), որոնք երիտասարդ սերունդի ձայնով հաւատարիմ եւ յանձնառու ըլլալ խոստացան: Այնուհետեւ անոնք խնդրեցին ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հայրական խօսքն ու օրհնութիւնը իրենց եւ բոլոր հայ երիտասարդներուն համար:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը փակման խօսքին մէջ յիշեց քրիստոնեային հաւատքը եւ մարտիրոսներուն ու նահատակներուն տուած բարի օրինակը: Ան իբրեւ գերագոյն օրինակ բերաւ Մեծ եղեռնի զոհերը, որոնք հաւատարիմ մնացին Աւետարանին եւ թէ «ինչպէ՛ս հիանալի կերպով անոնք իրենց հաւատքը փաստեցին իրենց գերագոյն վկայութեամբ»:
Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքով ու «Հայր մեր»-ով փակեց հսկումի պահը եւ օրհնեց մեծաթիւ ժողովուրդը:





