Ս. Նշան Վարժարանի 110-ամեակի Եւ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի 50-ամեակի Նշում. 135 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Կրթական Առաքելութեան Շարունակութեան
110 տարի առաջ` 1902-ին, Ս. Նշան վանքին ետին գտնուող երկու պզտիկ սենեակներուն մէջ հիմը դրուեցաւ լիբանանահայութեան առաջին դպրոցին, որ հակառակ կենցաղային յարմարաւէտ պայմաններու բացակայութեան, կրցաւ ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր կարելի եղաւ ջամբել հայեցի անխարդախ դաստիարակութիւն ու կազմաւորել ազգային նկարագիրի տէր սերունդներ: 50 տարի առաջ` 11 հոկտեմբեր 1964-ին, Ս. Նշան վարժարանի աշակերտներէն Սուրէն Խանամիրեանի նուիրատուութեամբ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ հաստատուեցաւ նոր բերդ մը` հայապահպանման պայքարի նոր կռուան մը եւ հայեցի դաստիարակութեան նոր օճախ մը:
Այս կառոյցներուն հաւատացողներուն թիւը քիչ չեղաւ, քիչ չէ նաեւ այսօր. արդարեւ, 19 ապրիլի երեկոյեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան վարժարանի 110-ամեակի եւ Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի 50-ամեակի նշման ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին բարերարներ, բարեկամներ եւ հայկական վարժարանի առաքելութեան հաւատացողներ 135 հազար տոլար հանգանակեցին` ի նպաստ դպրոցի գոյերթին:
Բացման խօսքը արտասանեց Նորա Բարսեղեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ձեռնարկին իւրայատկութիւնը` այն իմաստով, որ անիկա առիթ է ընդհանրապէս հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած երկու տարբեր անուններ կրող, սակայն էութեամբ մէկ հանդիսացող կրթական կառոյցներու ամեակներու նշման, առիթ է նշելու լիբանանահայ առաջին աշակերտին բոյնը հանդիսացած, լիբանանահայութեան առաջին շրջանաւարտին կեանքի պայքարի զէնքը եղող վկայականը յանձնած Ս. Նշան վարժարանի 110-ամեակը, առիթ է ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ յայտարարելու, որ հարիւրաւորներու տաքուկ տունը եւ մեծ ընտանիքը եղած Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը արդէն իր ոսկեայ ամեակը բոլորած է:
«Ոսկեայ ամեակ` ոսկեայ գիրերով փորագրուած պատմութեամբ եւ ժառանգուած արժէքաւոր աւանդով: Կարելի չէ ոսկեայ ամեակ ըսել ու անցնիլ, որովհետեւ այդ կոչումին հասնելու համար բազմաթիւ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ նուիրուած են մարդակերտման ու հայակերտման սրբազան գործին, կրթութեան կողքին այս վարժարանին մէջ ջամբուած է հայեցի դաստիարակութիւն, հայրենիքը առանց տեսնելու զայն պաշտելու ոգի, հո՛ն է, որ բազմաթիւ երախտաւոր ու արժանաւոր աշակերտներ հասակ նետելով իրենց ստացած վկայականին կողքին ստացած են կտակը` հայութեան հպարտութիւն ներշնչող զաւակը ըլլալու», հաստատեց ան: Ն. Բարսեղեան դիտել տուաւ, որ կրթական այս կառոյցներուն վրայ դրուած յոյսերը ի դերեւ չելան, որովհետեւ մեծաթիւ ծնողներ իրենց զաւակները վստահեցան անոնց, անոնցմէ շրջանաւարտներ տարբեր մարզերու մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցան ու կ՛ունենան, իսկ բազմաթիւ բարերարներ իրենց նեցուկով փաստեցին, որ կը հաւատան անոնց առաքելութեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ Ս. Նշան վարժարանին եւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին պատմական երթը, յատկանշական պահերը, արձանագրուած զարգացումն ու բարեփոխումները ներկայացնող տեսերիզ մը, որուն աւարտին իրենց սրտի խօսքն ու պատգամը փոխանցեցին նախկին տնօրէններ Եդուարդ Էլոյեանն ու Յակոբ Բագրատունին:
Լիբանանահայ կեանքին մէջ հպարտութեան օրրաններ հանդիսացած զոյգ կառոյցներուն դերակատարութեան մասին խօսեցաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանը, որ նշեց, թէ Ցեղասպանութենէն առաջ հիմնուած Ս. Նշան վարժարանն ու 1963-ին անոր շարունակութիւնը եղող Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը իրենց անվիճելի դերակատարութիւնը, անկորնչելի դրոշմը եւ հիմնական ու վճռական ներկայութիւնը ունեցած են լիբանանահայութեան կեանքին մէջ` հպարտութեամբ լեցնելով ո՛չ միայն այս դպրոցը յաճախող աշակերտներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն սրտերը, այլ համայն հայութիւնը:
«Իր պատմութեան ընթացքին հազարաւորներ անցած են այս դպրոցէն: Նախկին թերաւարտ կամ շրջանաւարտ աշակերտները Լիբանանէն Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի պատուաբեր դիրքերու հասած են ու իրենց անուան կը շարունակեն կապուած պահել Ս. Նշան-խանամիրեանականի հպարտացնող անունը: Խանամիրեան քոլեճի մեծ ընտանիքին լաւագոյն ներկայացուցիչներն ու բարեկամները անգամ մը եւս հաւաքուած են ոչ միայն ուրախութեամբ տօնելու ամեակները, այլ միաժամանակ երախտագիտութեամբ վերյիշելու անցեալին ու ներկայիս կրթական այս մեծ օճախին ի սպաս իրենց ծառայութիւնը մատուցած բոլոր անձնուէրները, պաշտօնեայ ըլլան անոնք թէ ուսուցիչ, տնօրէն թէ խնամակալ ու հոգաբարձու, տիկնանցի անդամներ թէ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ ու բարերարներ, որոնք 110 եւ 50 տարիներու մէջ իրենց անշահախնդիր ճիգն ու ջանքը թափեցին` ոտքի պահելու համար հայ մանուկին հայեցի կրթութիւն ջամբելու գործին լծուած դպրոցը», նշեց Ն. Վէքիլեան:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճին դիմաց ցցուած տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներուն, որոնք սակայն չկրցան խոչընդոտել անոր երթը, որովհետեւ ան կանգուն ու ամուր մնաց շնորհիւ այն բոլոր ձեռքերուն որոնք անսասան պահեցին դպրոցին սիւները, Ազգային իշխանութիւն թէ առաջնորդ սրբազան հայր, բարերարներ եւ միութիւններ, վարժարանի պատասխանատու մարմիններ թէ ուսուցիչ, աշակերտ եւ ծնողք: Այս առիթով տնօրէնը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` հաստատելով, որ նորանոր սերունդներ պիտի թրծուին այս վարժարանին մէջ` շնորհիւ անոր առաքելութեան հաւատացողներուն ու նեցուկ կանգնողներուն:
Խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան, որ հայերէն ու արաբերէն լեզուներով ողջունեց ներկաները` դիտել տալով, թէ նման ամեակներու նշումներ նոր լիցք կը հաղորդեն կրթական օճախին, կ՛ամրապնդեն անոր նկատմամբ եղած նեցուկը` հաստատելով, որ վարժարանի պատասխանատուները հաստատ քայլերով կրնան շարունակել երթը, որովհետեւ միշտ իրենց զօրակցողներ պիտի գտնուին: Ան դիտել տուաւ, որ մերօրեայ դժուարութիւնները կրնան մեծ ըլլալ, սակայն մեծ ու կարեւոր է նաեւ հայկական դպրոցին առաքելութիւնն ու հոն ջամբուած կրթութիւնը` երաշխաւորելու հայութեան գոյերթը: Յ. Հաւաթեան հաստատեց, որ նորահաս սերունդով ու անոր դաստիարակութեամբ մտահոգ եղողներու, անոր փայլուն ապագայ շնորհելու նպատակ հետապնդողներու հաւաք մըն է ձեռնարկը: Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ եւս Ս. Նշան վարժարանն ու Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը ունեցած են իրենց կշիռը` իբրեւ պատկանելիութիւն ունեցող քաղաքացիներու պատրաստութեան քուրայ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած են տիպար քաղաքացիներ, որոնք իրենց ներուժը դրած են նաեւ ի սպաս Լիբանանի:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ, որ դրուատեց բեղուն գործունէութիւն եւ պատուաբեր պատմութիւն ունեցող զոյգ կառոյցները` նշելով, որ լիբանանեան կրթական կեանքին մէջ անոնք մեծ աշխատանք տարած են` արձանագրելով նուաճումներ ու յաջողութիւններ: Ապա ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայ համայնքին ունեցած դրական ներկայութեան եւ մեծ ներդրումին` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը օրինակելի եղաւ ու կը մնայ իբրեւ լիբանանցի:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ դրուատեց Սուրէն Խանամիրեանի ներդրումը թէ՛ լիբանանահայ կեանքին, եւ թէ լիբանանեան իրականութեան մէջ` իբրեւ բարերար եւ քաղաքական կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունեցած անձնաւորութիւն: Անոր համաձայն, Սուրէն Խանամիրեանի տրուած լաւագոյն տիտղոսը դպրոցաշէնն է, որովհետեւ ան այսպիսով ներկայի եւ ապագայի սերունդներու կերտման եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ իր անժխտելի ներդրումը ունեցած է: Ան դիտել տուաւ, որ Ս. Նշան վարժարանի եւ Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի ամեակներու նշումին ետին կայ մեծ պատգամ մը` հայկական դպրոցին կարեւորութեան համար նուիրումն ու անխնայ զոհաբերութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ծաղկման եւ ուռճացման կեդրոն հանդիսացան այս կրթական կառոյցները, որոնք զարգացան ու բարգաւաճեցան իրենց աշակերտին պատճառով: Ան բախտաւորութիւն նկատեց այն հանգամանքը, որ Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի աշակերտները առիթ ունեցան տեսնելու այն անձը, որուն անունով կը կոչուի իրենց դպրոցը:
Աւարտին, Գեղամ արք. Խաչերեան ընթերցեց այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Սուրէն Խանամիրեանի յղուած կոնդակ-օրհնութեան գիրը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուած է մարդ, յատկապէս հայ մարդ կերտելու իմաստով անոր ունեցած ներդրումը:
Աւարտին հատուեցաւ Ս. Նշան վարժարանի 110-ամեակին եւ Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի 50-ամեակին նուիրուած կարկանդակը:

