Ռուսիա Չ՛ուզեր Թուրքիոյ Հետ Իր Յարաբերութիւնները Վտանգել

Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք երէկ յայտնեց, որ Ռուսիա Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները պիտի չվտանգէ: Ան Անթալիոյ մէջ Ռուս-թրքական միացեալ տնտեսական յանձնախումբի 12-րդ ժողովին ընթացքին թուրք լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Միջերկրականի մէջ բնական կազ պեղելու Կիպրոսի ծրագիրին յայտնեց, որ «Կիպրոսի շուրջ ծովուն վերաբերեալ կարգ մը դժուար հարցեր գոյութիւն ունին: Մենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ մեր յարաբերութիւնները երբեք պիտի չվտանգենք, որովհետեւ շատ հին համագործակցութիւն մը ունինք»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )