Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ հարաւային Լիբանանի վերեւ գործադրեց ցած մակարդակի թռիչքներ, ինչպէս նաեւ կեղծ յարձակումներ գործեց Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Թըպնինի, Ատայսէի, Քֆարքիլայի, Տէյր Միմասի եւ Խիամի վերեւ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը հաստատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ յանձնառու կը մնայ այդ բանաձեւին գործադրութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Հըզպալլա ընտրական օրէնքին գնդակը քրիստոնեայ համայնքին դաշտը կը նետէ, որովհետեւ ան կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առումով լուծման մը յանգիլ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք տակաւին յստակ ոչ մէկ կեցուածք որդեգրած է կառավարութեան կազմութեան առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ զգուշացուց Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հետեւանքներէն` Հըզպալլայի կողմէ սուրիական տագնապին միջամուխ դառնալու առումով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կը մտածէ ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կազմել կառավարութիւն մը, որ չէզոք է եւ որուն մէջ նախարարութիւնները իրենց մենաշնորհները չունին:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լուծելու առումով, սակայն դժբախտաբար այդ հարցին առումով տակաւին յստակ ոչինչ կայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին կը գտնուի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ պարտադրուած լուրջ խոչընդոտներու դիմաց:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Թրէյսի Շամուն յայտնեց, որ ինք ունի այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ սպաննած է իր հայրը` Տենի Շամունը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի մաղթեց, որ անգամուան մը համար կարելի ըլլայ կազմել զուտ լիբանանեան կառավարութիւն մը, որ կը ստանձնէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու պարտականութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ պահանջուածը այն է, որ նախարարութիւնները այս կամ այն համայնքին կամ կուսակցութեան առանձնաշնորհումը չըլլան:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ցարդ յստակ տեղեկութիւններ չկան Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրաժարած է իր համոզումներուն վրայ հիմնուելով: Նահհաս շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ տարբեր գաղութներու մէջ մարոնի համայնքի առաջնորդները կոչ ուղղեցին Լիբանանին մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը եւ կազմելու կառավարութիւն մը, որ ի վիճակի է դէմ դնելու երկրին սպառնացող մարտահրաւէրներուն:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին կազմել համախոհական կառավարութիւն մը եւ կը մաղթեն, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ նախարարներուն եւ նախարարութիւններուն մասին իրենց հետ խորհրդակցի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային իրենք պիտի չտան որեւէ որոշում, որ իսկական գործակցութիւն չ՛ապահովեր:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուելիք արեւմտեան եւ միջազգային օժանդակութիւնները սկսած են հասնիլ Լիբանան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ կացութիւնը շարունակուի իր բնականոն ընթացքով, ապա երկրին իրավիճակը բոլոր մակարդակներուն վրայ պիտի վատթարանայ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք չեն կրնար առանց համախոհութեան կառավարութիւն մը կազմել:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ վարչապետ Թամմամ Սալամի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ անոր սահմանադրութեան պարագային չէզոք կառավարութիւն գոյութիւն չունի:

