Լիբանանի Մէջ Բնակող Թուրքերուն Բաց Նամակը` Իշխանութեան Պետերուն

Լիբանանի մէջ բնակող թուրքերուն կողմէ հրապարակուեցաւ բաց նամակ մը, ուղղուած` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նամակին մէջ նշուեցաւ, թէ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն կողմէ  թուրքերուն դէմ ուղղուած սպառնալիքները եւ յառաջիկային որդեգրուելիք մագլցողական քայլերը շատ գէշ ազդած են թուրքերուն վրայ:

Նամակին մէջ նշուեցաւ, որ իրենք կը զգան առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն հետ եւ մտահոգ են առեւանգուած լիբանանցիներուն ճակատագիրով:

Անոնք նկատել տուին նաեւ, որ Թուրքիա պաշտօնապէս դատապարտած է լիբանանցի ուխտաւորներուն առեւանգումը, եւ իշխանութեան պետերէն պահանջեցին պաշտպանել Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն եւ թուրքերուն անվտանգութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES