Հերմելի Դէմ Սուրիական Ռմբակոծումը Կը Շարունակուի
Հերմելի գիւղաքաղաքներուն դէմ Սուրիական ազատ բանակին ռմբակոծումները անցեալ շաբաթավերջին շարունակուեցան եւ երեկոյեան սկսան աւելի սաստիկ բնոյթ ստանալ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30, եօթը ռումբեր ինկած են լիբանանեան հողերուն վրայ որոնք պատճառած են նիւթական վնասներ:
Երեկոյեան սուրիական ռմբակոծումները թիրախ դարձուցին նաեւ Հերմելի մէկ որբանոցը, ուր կը մնան 500 երեխաներ:
Որբանոցի տնօրէն Հայտար Ժաուհարի յայտնեց, որ նկատի ունենալով նախորդ 48 ժամերուն ընթացքին գործուող ռմբակոծումները, նախազգուշական քայլերու դիմած են եւ երէկ առաւօտեան որոշած են որբերը փոխադրել այլ վայրեր:
Նշենք, որ նախապէս Սուրիական ազատ բանակը սպառնացած էր ռմբակոծել Հերմելի սահմանամերձ շրջանի դպրոցները:
Հերմելի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Թահա յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն լիբանանեան բանակին, որպէսզի սահման հասնի եւ հակադարձէ Սուրիայէն գործուող ռմբակոծումներուն:
Պէտք է աւելցնել, որ Հերմելի Քասըր սահմանամերձ գիւղաքաղաքը երէկ առաւօտեան եւս ռմբակոծուած էր, եւ անոր բնակիչները լիբանանեան պետութենէն խնդրած էին պաշտպանել իրենց անվտանգութիւնը:
Նոյն շրջանին մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներ իրենց կարգին հաստատեցին, որ այդ շրջանին մէջ կան իրենց նման բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք փախուստ տուած են Սուրիոյ տագնապէն եւ ռմբակոծումներէն:
Միւս կողմէ, Սուրիական ազատ բանակի աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենց ռմբակոծումներուն ընթացքին թիրախ դարձուցած են Հըզպալլայի յատուկ զինուորական դիրքեր:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի, որ երէկ այցելեց ռմբակոծուող շրջանները, շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է հսկէ այդ շրջանի բնակիչներուն անվտանգութեան` աւելցնելով, որ այդ քայլը լիբանանեան պետութեան նուազագոյն պարտականութիւնն է:
Սահիլի ըսաւ, որ ճիշդ է, թէ ապահովական բնոյթի նիստ մը գումարուած է եւ այդ առումով որոշումներ տրուած, սակայն անոնք ոչ մէկ ձեւով գործադրուած են:

