Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Դամասկոս

Երէկ լիբանանեան կուսակցութիւններու, քաղաքական ուժերու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատ յայտարարեց, որ Ասատ պատուիրակութեան ըսած է, թէ «ինչ կը վերաբերի Դամասկոսի, պատերազմը գրեթէ վերջ գտած է ի նպաստ սուրիական բանակին: Ասատ պատուիրակութեան յայտնած է նաեւ, որ Ռուսիա դարձեալ վեթոյի իր իրաւունքը պիտի օգտագործէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին միջոցով արտաքին որեւէ միջամտութեան դէմ:

Share this Article
CATEGORIES