Սէյիտ Նասրալլայի Թեհրան Այցելութեան Մասին
«Նահար» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այցելած է Թեհրան, ուր հանդիպում մը ունեցած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի հետ:
Միւս կողմէ, «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, սէյիտ Նասրալլա Թեհրանի մէջ քննարկած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերաբերող ռազմավարական ընդհանուր պատկերացումը:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, 9 մայիսին սէյիտ Նասրալլա պատկերասփռուած ճառով մը հանդէս պիտի գայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

