Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Մաթար Եպիսկոպոսը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` Սալամի վարչապետ նշանակումին առիթով:
Սալամի այցելեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան պետական նախարար Ալի Քանսօ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ անիկա եղած է դրական` աւելցնելով, որ քննարկուած են կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին հոլովոյթը:
Քանսօ շեշտեց, որ վարչապետ Սալամ կ՛ուղղուի կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք մնայուն հաղորդակցութեան մէջ է վարչապետ Սալամի հետ` աւելցնելով, որ հրաժարեալ կառավարութեան ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր մօտիկ ապագային հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Սալամի հետ:


