Պըրրի – Միքաթի` Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, որոնցմէ կարեւորագոյնն է ընտրական օրէնքը, որուն շուրջ համախոհութիւն կը գոյացնեն բոլոր լիբանանցիները:
Միքաթի նշեց, որ քննարկած են նաեւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը` ընդգծելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Լրագրողներուն հարցումներուն տուած իր պատասխանին ընդմէջէն, Միքաթի իր խօսքը ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին` նշելով, որ իրապաշտութեան եւ օրինակելի ըլլալուն միջեւ տարբերութիւն կայ` աւելցնելով միաժամանակ, որ այս պարագային անհրաժեշտ է ըլլալ իրապաշտ եւ ոչ թէ բացարձակ օրինակելիութեան վստահիլ:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ, որ յայտնեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելը գրեթէ անկարելի է: