Նախագահ Սլէյման Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Սահմանային Իրադարձութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ տեղի ունեցող սահմանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Սուրիոյ կողմէ Լիբանանը հրթիռարձակումի ենթարկելը ժողովրդավարութեան պահանջները չ՛իրագործեր:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանին համար բաւարար է իր հողերուն վրայ ընդունիլ սուրիացի գաղթականները եւ անոնց տրամադրել տարրական օժանդակութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան յանձնառու է պաշտպանելու իր ցամաքային սահմանները` ըստ «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Նախագահ Սլէյման բանակէն պահանջեց որդեգրել անհրաժեշտ ապահովական միջոցառումները` արգիլելու համար լիբանանցիներուն դէմ յարձակումները:

Share this Article
CATEGORIES