Ֆրանքֆորթ 100 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի 100 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները բաւական անկարգապահ գտնուած էին շարք մը մրցումներու ընթացքին:
Այս տարեշրջանին «Պունտըսլիկա»-ի խումբերուն միացած Ֆրանքֆորթ բաւական լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ եւ յոյս ունի «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տոմս մը ապահովելու առումով:
CATEGORIES Մարզական

