Շախտիոր Չ՛ուզեր Ծախել Մխիթարեանը

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆութպոլի գործակալ Տիմիթրի Սելիուքի համաձայն, թէեւ բազմաթիւ ակումբներ հետաքրքրուած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանով, սակայն անոր ակումբը` Շախտիոր Տոնեցք չ՛ուզեր ծախել իր մարզիկը:

Սելիուք terrikon կայքէջին յայտնած է ըսելով. «Բնականաբար, բոլոր ակումբներն ալ կ՛ուզեն իրենց կազմին միացնել Մխիթարեանը` նկատի ունենալով, որ ան իւրայատուկ մարզիկ մըն է: Սակայն չեմ կարծեր, որ ուքրանական ակումբը ձերբազատի անկէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES