Քասիաս Պիտի Հեռանա՞յ Ռէալ Մատրիտէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող միջազգային բերդապահ Իքեր Քասիաս շատ հաւանաբար այս ամառ լքէ իր ակումբը, կը յայտնէ սպանական մամուլը:

Նկատի ունենալով, որ ան չ՛ուզեր իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուիլ, ան կը մտադրէ չշարունակել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը մայրաքաղաքի կազմին հետ:

Ներկայ հանգրուանին Քասիասով հետաքրքրուած են Լիվըրփուլ եւ Արսենալ:

Նախապէս վիրաւոր, սակայն այժմ ապաքինած Քասիաս պատրաստ է վերստին միանալու իր կազմին:

Սակայն մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կ՛ըսէ, որ արդար պիտի չըլլայ Տիեկօ Լոփեսը իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնել` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ան վերջերս սքանչելի կերպով փոխարինած էր Քասիասը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES