Դաւիթ Սաֆարեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Միջազգային Ուսանողական Խաղերուն
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտին մէջ 9 տարի ետք ոսկի մետալ պարգեւած Դաւիթ Սաֆարեան այժմ կը գտնուի Քրասնոտար եւ վերսկսած է իր փորձերուն:
Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Ես շատ ուրախ եմ, որ Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն յաջողեցայ ոսկի մետալ մը ապահովել հայրենիքիս, բան մը, որ մեզի համար գոյութիւն չունէր 9 տարիէ ի վեր: Վերջին անգամ Եւրոպայի ախոյեան ունեցանք շնորհիւ Մարտին Պէրպէրեանի: Երբ մօտիկ ապագային սկսին հաւաքականին փորձերը, պիտի միանամ խումբին: Շատ հաւանաբար, յառաջիկայ յուլիսին մասնակցիմ միջազգային ուսանողական խաղերուն, ապա պիտի պատրաստուիմ աշխարհի ախոյեանութեան»:
CATEGORIES Մարզական

