Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Հայաստանի Ֆետերասիոնին Ընդհանուր Քարտուղարը
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Փաշիկ Ալավերդեան, պարգեւատրուեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին կողմէ:
Ան պարգեւատրուեցաւ շնորհակալական յուշամետալով եւ շնորհակալագիրով` Եւրոպայի ծանրաբարձութեան զարգացման գործին մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:
Ալավերդեան մեծ ներդրում ունեցած է ծանրաբարձութեան զարգացման գործին մէջ` Հայաստանէն բացի այլ երկիրներու մէջ եւս:
CATEGORIES Մարզական

