Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 1-2
Երեքշաբթի, 16 ապրիլին նման, շաբաթ, 20 ապրիլը եւս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ողողուած էր ՀՄԸՄ-ի համակիրներով, որոնք եկած էին քաջալերելու ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը, որ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր երրորդ մրցումը կը կատարէր Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ Անթիլիաս այս անգամ ինք եղաւ մրցումին յաղթականը` արձանագրելով 71-58 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 19-4, 16-16, 24-17 եւ 12-21:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այտա Պախոս` 24 կէտ եւ 15 ռիպաունտ, ապա` Նաթալի Սվաճեան (18): Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շիրին Շարիֆ (19):
ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակը խումբին համար եղաւ անկիւնադարձային` նկատի ունենալով, որ առաջին երկու պարտութիւնները մոռցուեցան, եւ այժմ խումբը յաջորդական երկու յաղթանակ արձանագրելու մեծ տրամադրութեան մէջ է, եթէ շարունակէ շաբաթ օրուան իր տպաւորիչ մրցումը կրկնել յաջորդող երկու մրցումներուն ընթացքին:
Երկու կազմերուն միջեւ չորրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի, 23 ապրիլին, Ռիատիի դաշտին վրայ` Մանարայի մէջ, երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը պահանջուի այս մրցումին եւս յաղթել` պարտադրելու համար հինգերորդ եւ վերջին մրցումը: