Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Փոքր նկատողութիւն մը ընդունեցէք առանց նեղուելու, որովհետեւ ձեր օգտին համար է: Ամէն մարդ թերութիւն մը ունի, պէտք է սրբագրել:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ արագ որոշում պիտի տաք օրուան հարցը լուծելու, մասնաւորաբար երբ խումբ մը կը կառավարէք: Օրը արդիւնաւէտ է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր զգացումները արտայայտելու դժուարութիւն եթէ ունիք, պէտք է փոխէք այս վերաբերումը, որպէսզի ձեր յարաբերութիւնը զարգանայ որոշ անձի մը կամ անձերու հետ: Կ՛օգտուիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարդոցմէ հեռու մնալը լաւ չէ: Մեկուսանալը ոչինչ կու տայ: Մի ըսէք ատիկա ձեր բարիքին համար է: Այդ տեսակ բան չկայ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շուրջիններէն կամ ուրիշներէն կը պահանջէք լաւագոյնը: Այս պարագային պէտք է անոնց տաք առիթ եւ ժամանակ, որպէսզի տան իրենց առաւելագոյնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ առանձին ոչ մէկ որոշում տուէք` զգուշանալու համար անսպասելի հետեւանքներէ: Ուրիշներուն խորհուրդը կարեւոր է այսօր, մտիկ ըրէք անոնց:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր շուրջինները պիտի տեսնեն ձեր ջանքերը, դէպի յառաջդիմութիւն ձեր ընթացքը, որ օգտակար է նաեւ բոլորին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աննշան ձախողութեան մը պարագային մի յուսալքուիք: Օրը ունի լաւ առիթներ յառաջդիմելու, հետեւաբար նայեցէք եւ տեսէք լաւ բաներ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամներու բացակայութիւնը կը զգաք: Փնտռեցէք զանոնք, պիտի գտնէք եւ պիտի կապուիք հին օրերու լաւ բարեկամութեամբ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի մէջ դժուարութիւն մը կրնաք ունենալ այսօր: Պիտի ուզէք, որ մէկը օգնէ ձեզի հարցերը լուծելու համար:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կը մտածէք ճամբորդելու մասին, բայց տակաւին կանխահաս է: Արդեօք կը գտնուի՞ք լաւ տրամադրութեան մէջ նման քայլ մը առնելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր բախտը փորձեցէք այսօր, բայց առանց չափազանցութեան: Տրամաբանական ձեւով շարժեցէք, շատ հեռու մի երթաք, կը վնասէք:

Share this Article
CATEGORIES